ԵՒՐՕ-2012. ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԱԿԵԴՈՆԻԱ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՏՈՄՍԵՐԸ ԿԸ ԾԱԽՈՒԻՆ ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ԱՐԱԳՈՒԹԵԱՄԲ
By adminx - Thu Sep 15, 6:59 am
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print
Ինչպէս ծանօթ է, 7 հոկտեմբերին, Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Մակեդոնիան:
Երէկ` չորեքշաբթի, սկսաւ վաճառքը տոմսերուն, որոնց սակը 3000-էն 8000 դրամ է:
Հայկական լրատու աղբիւրներ յայտարարեցին, որ հակառակ առաջին օրը ըլլալուն, տոմսերը կը ծախուին աննախադէպ արագութեամբ:
Հանրապետական մարզադաշտին պատասխանատուները կը յայտնեն, որ եթէ տոմսերուն վաճառքը այս ընթացքով շարունակուի, մինչեւ վաղը` շաբաթ, տոմսերը ամբողջութեամբ պիտի սպառին` նկատի ունենալով, որ այս անգամ անձնագիրներ չեն պահանջուիր համակիրներէն:
Անոնք կ՛ըսեն, թէ շատեր 20-30 տոմս կը գնեն տոմսարկղներէն:
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print



