ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՎԱՀԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
By adminx - Thu Sep 15, 6:18 am
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print
Ռուսիա յայտարարեց, որ յստակ երաշխիքներ կ՛ուզէ այն մասին, որ Եւրոպայի մէջ ամերիկեան հակահրթիռային վահանը ռուսական թիրախներու դէմ պիտի չգործէ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Ռումանիոյ մէջ հակահրթիռային վահանէն տարրերու տեղակայման շուրջ համաձայնութիւնը զարգացում մըն է, որ կ՛ամրապնդէ մեր համոզումը, թէ հարկ է ստանալ իրաւական յանձնառութեան տակ դնող ու հաստատ երաշխիքներ այն մասին, որ ռուսական հիւլէական զինանոցը թիրախ պիտի չդառնայ»: Ան կոչ ուղղեց` Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի ծիրին մէջ Եւրոպայի մէջ Արեւմուտքի հակահրթիռային վահանի նպատակներուն շուրջ յստակ փոխհասկացողութիւն գոյացնելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ «Ռումանիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան հակահրթիռային վահանէն արդիական տարրերու տեղակայումը ցոյց կու տայ, թէ Ուաշինկթըն վճռակամ է այս ընթացքը շարունակելու, հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի Ռուսիոյ հետ հակահրթիռային վահանին շուրջ երկխօսութեան մէջ յառաջդիմութիւն չէ արձանագրուած»:
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print



