ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂԻ ՅԱՏՈՒԿ ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ «ԱԶԴԱԿ»Ի ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ
By adminx - Thu Sep 15, 6:10 am
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print
1 սեպտեմբերէն հայաստանցի լրագրող Լենա Բադալեան «Ազդակ»ի յարկին տակ կը հետեւի փորձառական աշխատանքներու ու ծրագիրի` իր մարզին մէջ առաւել եւս հմտանալու նպատակով:
20-ամեայ Լենա Բադալեան 2010-ին աւարտած է Երեւանի պետական լեզուաբանական համալսարանի լեզուաբանութեան եւ միջմշակութային հաղորդակցութեան բաժանմունքի անգլերէն լեզուի եւ միջազգային լրագրութեան բաժինը, նոյն տարուան փետրուարէն մայիս ամիսներուն «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի մէջ փորձառական հանգրուան անցուցած է «Երկիրն այսօր» լրատուական ծրագիրին մէջ: Ապա նոյն ծրագիրին աշխատակազմին միացած է իբրեւ լրագրող` իրաւական նիւթերու վրայ լուսարձակ հրաւիրելով:
2010 հոկտեմբերին ընդունուած է Վրաստանի հանրային կապերու հիմնարկի Թիֆլիսի լրագրութեան եւ լրատուական վարչական կովկասեան դպրոց, ուր տակաւին կը շարունակէ ուսանիլ: Իր համալսարանական կրթութեան ծիրին մէջ Լենա Բադալեանէն պահանջուած է փորձառական-գործնական աշխատանքներ կատարել: Ըստ անոր, ինք «Ազդակ»ը ընտրած է, որովհետեւ անիկա սփիւռքի ամէնէն հին եւ մեծ հեղինակութիւն վայելող օրաթերթերէն մէկն է:
«Ազդակ»ի մէջ ան կը կատարէ անգլերէնէ հայերէն թարգմանութիւններ, լուրերու համադրում, թղթակցութիւններ: Փորձառական հանգրուանի աւարտէն ետք ան պիտի վերադառնայ Թիֆլիս` ուսումը շարունակելու:
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print



