Tuesday May 21, 2013

ՆԱԽԱՐԱՐ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻԱ

By adminx - Wed Sep 14, 6:40 am

Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Մարտինովի հրաւէրով, նախանցեալ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պաշտօնական այցելութեամբ Մինսք մեկնեցաւ եւ ընդունուեցաւ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի կողմէ:

Ողջունելով Է. Նալբանդեանին` Ա. Լուքաշենքօ նշեց, որ երկու երկիրներու ղեկավարներու ջանքերուն շնորհիւ վերջին տարիներուն հայ-պիելոռուսական յարաբերութիւնները աննախադէպօրէն զարգացած են` համագործակցութեան բոլոր մարզերուն մէջ: Նախագահ Լուքաշենքօ ընդգծեց, որ գոյութիւն ունին բոլոր նախադրեալները երկկողմանի յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման համար եւ վստահութիւն յայտնեց, որ կողմերը յաւելեալ ջանքեր կը գործադրեն այդ ուղղութեամբ:

Ալեքսանտր Լուքաշենքոյին փոխանցելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները` նախարար Նալբանդեան իր կարգին եւս գոհունակութիւն յայտնեց երկկողմանի յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին եւ ուժական համագործակցութեան առնչութեամբ: Երկու կողմերը շեշտեցին, որ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, փոխադարձ այցելութիւնները, տնտեսական փոխադարձ գործակցութիւնը, խորհրդարանական կապերը, ապակեդրոնացեալ համագործակցութիւնը եւ մշակութային փոխանակումները կարելիութիւն կու տան երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը աւելի խորացնելու:

Նախագահ Լուքաշենքօ խնդրեց իր ջերմ ողջոյնները փոխանցել Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

Անկէ ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպեցաւ իր պիելոռուս գործընկերոջ Սերկէյ Մարտինովի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի, շրջանային եւ միջազգային տարբեր հարցեր:

Երկու արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն եւ անոնց կողմէ տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքը:

Զրուցակիցները անդրադարձան բարձր մակարդակով ծրագիրներու ժամանակացոյցին:

Երկու կողմերը նշեցին իրաւապայմանագրային ընդարձակ դաշտի առկայութիւնը եւ միաժամանակ շեշտեցին զայն աւելի ընդարձակելու անհրաժեշտութիւնը` փոխադարձ գործակցութեան հետագայ խորացումը ապահովելու համար:

Արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան երկկողմանի առեւտրատնտեսական գործակցութեան, անոր ճիղաւորման կարելիութիւններուն, տնտեսական համագործակցութեան եւ միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքներուն: Անոնք քննարկեցին նաեւ մշակութային փոխանակումներուն աւելի աշխուժացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը:

Սերկէյ Մարտինովի խնդրանքով նախարար Նալբանդեան ներկայացուց արցախեան տագնապի լուծման ուղղուած բանակցութիւններուն վերջին զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները ստորագրեցին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ 2011-2012 թուականներուն խորհրդակցութիւններու ծրագիրը:

Ստորագրման արարողութեան յաջորդեց Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն մամլոյ ասուլիսը: Է. Նալբանդեան այցելեց նաեւ Մինսքի Յաղթանակի հրապարակ: Պատուոյ պահակախումբի այցելութենէն եւ զինուորական նուագախումբի կողմէ Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ օրհներգներու կատարումէն ետք, նախարար Նալբանդեան ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ Հայրենական պատերազմին մէջ Յաղթանակի յուշարձանին:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement