ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Երբեմն դառն ճակատագիրի հեգնանքը իրեն հետ կը բերէ բարեբեր հովիկ մը, որ իր կարգին կը սփոփէ մեզ` դառնակսկիծ վիճակներէ պահ մը հեռու մնալու, ստեղծելու եւ ըստ այդմ շարունակելու մեր կեանքը:
Նման յայտնութիւն մը հանդիսացաւ «Սուրիական օրագրութիւն» գիրքին հեղինակը` Լալա Միսկարեան-Մինասեան, որուն սրտամօտ եւ հոգեգրաւ գրիչին հայ ընթերցասէր հասարակութիւնը ծանօթացաւ հայ մամուլի էջերէն, երբ ան սկսաւ Սուրիոյ պատերազմի ահաւորութիւնը օրագրել:
Այո՛, օրագրել ամբողջ ժողովուրդի մը ապրած դժոխային օրերն ու ամիսները, տարիները: Օրագրել երկրի մը մէջ պատահած քանդումները, անասելի վայրագութիւնները, բարբարոսութիւնները եւ մասամբ նորին:
Մեզի` լիբանանահայերուս համար այդքան ալ նորութիւն չեն նման արհաւիրքներ, գազանային պատկերներ եւ աւերումներ:
Այդուհանդերձ, գիրքը կը կարդացուի մեծ հետաքրքրութեամբ, որովհետեւ հեղինակը սոսկ դիպաշարերու նկարագրութիւն չէ, որ կ՛ընէ, այլ կ՛ուզէ յաւերժացնել դառնութեամբ յագեցած պահը, վայրկեանը, ապրումը, զգացումը, մէկ խօսքով` Լալա Միսկարեան-Մինասեան իր մորթին վրայ զգալէ, նեարդով ապրելէ եւ իր յուզական աշխարհէն անցընելէ ետք է, որ սպիտակ թուղթին կը յանձնէ իր մտորումները:
Եւ այսպէս, հեղինակը խոհական արտայայտութեամբ, վճիտ լեզուով, մտքի ներդաշնակութեամբ, առանց աւելորդաբանութեան եւ կամ անտեղի յուզականութեան մեզի կը ներկայացնէ պարտադրուած պատերազմի մը ահագնութիւնը:
Հատորը վիպերգութիւն մը չէ, հակառակ այն իրողութեան որ հեղինակը ունի գրական-գեղարուեստական շունչ, մտաւորական կազմաւորում եւ արարելու ներքին մղում:
Լաւ է կատարած, որ հեղինակը օրագրութիւնը զերծ պահած է թուականներու միօրինակութենէն, աւելի լայն հորիզոն մը տալով մտորումներու այլազանութեան եւ տարողութեան:
Լալա Միսկարեան-Մինասեան իր օրագրութիւնը համեմած է նաեւ տարբեր ստորոգելիներով: Ան պատերազմի արհաւիրքի իւրաքանչիւր պատկեր կը զուգորդէ քաղաքական խօլ մրցակցութիւններու, հոգեկան վիճակներու, անորոշութիւններու եւ կենցաղային առօրեայ դժուարին ու անտանելի պահերու:
Տակաւ շարունակուող պատերազմի ահագնագոռ կացութեան առընթեր, հեղինակը շատ անգամ զուարճախօս է, լաւատես, հիւմըրով լեցուն, բնութեան բարիքներուն երկրպագուն, ժպիտով կ՛ուզէ դիմակայել խաւարն ու մութը, անօթութիւնն ու զրկանքները, քանդումն ու սպանդը:
Անոր գրիչը պատկերաւոր է. դիպաշարերու անցման փուլերուն կը փորձէ անդրադարձ կատարել պատմական դէպքերու, անձերու, նոյնիսկ Ազնաւուր կը յիշէ եւ կու տայ իր վերլուծութիւնները, մեկնելով իր շուրջը գտնուող կացութիւններէ եւ թշուառ իրականութենէ:
Հեղինակը կ՛ապրի պատերազմի մորմոքը, յուսահատութիւնն ու ցաւալի վիճակները, սակայն առանց կորսնցնելու ապագայակերտի իր համոզումները: Ան կը վկայակոչէ իր հայրենակիցներու ապրած կսկիծն ու անասելի դժուարութիւնները, գաղթականական վիճակն ու մահուան սպառնալիքները, մտասեւեռումներն ու հաւաքական մեր ճակատագիրը:
«Սուրիական օրագրութիւն» հատորը կենդանի յուշարարն է գաղութահայ մեր կեանքի կենսագրութեան, դժուարութիւններուն եւ հեռանկարներուն:
Հայ ընթերցողը իր երախտագիտութեամբ կու գայ քաջալեր հանդիսանալու հեղինակի յանձնառու կեցուածքին եւ կատարած յոյժ գնահատելի մտաւորական աշխատանքին:
Հատորը խմբագրած է տոքթ. Արմենակ Եղիայեան եւ կը բաղկանայ 374 էջերէ: Գեղատիպ է եւ ներկայանալի: Հրատարակուած է «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ին կողմէ, Անթիլիաս, 2016-ին: