Tuesday May 21, 2013

ԺՈՄՊԼԱԹ. «ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄ Է»

By adminx - Sat Sep 10, 7:07 am

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ  հաստատեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վաւերացումը բոլորին համար նուաճում է` մաղթելով, որ մօտիկ ապագային այդ ծրագիրը վաւերացուի նաեւ խորհրդարանին կողմէ:

Ժոմպլաթ շեշտեց նաեւ, որ ըստ երեւոյթին, իրենք մուտք գործած են ելեկտրականութեան տագնապի լուծման գործնական հանգրուանին մէջ:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը ընդգծեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին գործադրութիւնը արդէն իսկ ընթացք առած է` աւելցնելով, որ պէտք է նաեւ շրջանցել պետական պաշտօնեաներու նշանակման հանգրուանը, առանց բարդութիւններու: Այս ծիրին մէջ Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ պետական պաշտօնեաներու նշանակման առումով մեծ բացթողումներ կան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է նշանակումները կատարել ատակութեան չափանիշներու եւ ոչ թէ քաղաքական արժեչափերու հիման վրայ:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement