Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեան եւ փոխնախագահ Աշոտ Ղազարեան երէկ կէսօրէ ետք այցելեցին «Ազդակ», տեսակցեցան տնօրէնութեան ու խմբագրական կազմին հետ եւ ծանօթացան թերթի տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն:
Այցելելով նաեւ թուայնացման բաժանմունք` Տէր Կիւրեղեան գնահատեց թերթի արխիւներու թուայնացման աշխատանքը եւ շեշտեց համալսարանի ելեկտրոնային գրադարանին հետ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի պատասխանատուները Լիբանանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենան հոգեւոր, միութենական եւ կրթական պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու աշակերտութեան հետ:
Համալսարանի նախագահը հարցազրոյց ունեցաւ «Ազդակ»-ին հետ: