Կարապետ Գաբիկեանի «Եղեռնապատում Փոքուն Հայոց եւ նորին մեծի մայրաքաղաքին Սեբաստիոյ» գիրքին ռուսերէն թարգմանութիւնը արդէն կատարուած է: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն համակարգման համառուսաստանեան յանձնաժողովի մետալներուն արժանացած հրատարակութեան շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 17 փետրուարին, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրերու գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ (Մատենադարան):
Շնորհահանդէսին ընթացքին թարգմանիչը պարգեւատրուած է Մատենադարանի «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց», ինչպէս նաեւ մշակոյթի նախարարութեան «Գրիգոր Նարեկացի» յուշամետալներով: Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեանի համաձայն, Կարապետ Գաբիկեանի գիրքը նշանակալի դեր ունի: «Այն ցաւը, որ փորձում ենք կիսել աշխարհի հետ, դժուար է բառերով արտայայտել: Գրքի արժանիքներից է այն, որ, ի տարբերութիւն միւս յուշագրութիւնների` տեղեկութիւնները չոր չեն, ուսումնասիրութիւնը համեմուած է յուզականութեամբ եւ փաստական տուեալներով: Հեղինակը խոստովանել է, որ չի կարող առանց յոյզերի խօսել տեղի ունեցածի մասին: Այս գրքի յաջողութիւնն ակնյայտ դարձաւ, երբ Հայաստանի պատուիրակութիւնը մասնակցեց Մինսքի գրքի միջազգային ցուցահանդէսին. տաղաւար այցելողները յատուկ հետաքրքրութիւն են հանդէս բերել գրքի նկատմամբ: Վստահ եմ` հետագայում աւելի երկար կեանք է ունենալու», նշած է Ներսէս Տէր Վարդանեան:
«Եղեռնապատում Փոքուն Հայոց եւ նորին մեծի մայրաքաղաքին Սեբաստիոյ» գիրքը հրատարակած է «Նայիրի»-ն, 2015 թուականին: Խմբագիրը Սեն Արեւշատեանն է: Գիրքը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, հոն ականատեսի աչքերով ներկայացուած են Փոքր Հայքի, մասնաւորապէս Սեբաստիոյ հայ բնակչութեան բռնագաղթն ու հայերու ոչնչացման պատմութիւնը: Հեղինակը այդ բռնագաղթէն փրկուածներէն մէկն էր, որ իր տեսածը յանձնած է թուղթին` ստեղծելով պատմական մեծ արժէք ունեցող այս գիրքը: