Երէկ` ուրբաթ, 19 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի աւագ սերունդը ներկայացուց Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թատրերգութիւնը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի:
Երկու արարով թատերախաղը կ՛արծարծէր ընկերային հասարակական խնդիրներ, ազատութեան ձգտում, կարծրատիպեր, բեկուած ճակատագիրներ: Թատերախաղի հերոսուհիները պայքար կը մղէին յանուն ազատ կեանքի, անկաշկանդ սիրոյ եւ երջանկութեան` կնոջ սահմանուած գիտակցումով եւ կեանքի բնական սպասումներով: Իգական բարդ ներաշխարհը բացայայտելու պատասխանատուութիւնը դրուած էր Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի աւագ սերունդի ներկայացուցիչներուն ուսերուն վրայ:
Գլխաւոր դերակատարները` Փաթիլ Մկրտիչեան (Պեռնարտա), Լիլիթ Յովհաննիսեան (Բոնսիա), Մարգարիտա Միքայէլեան (Ատելա), ինչպէս նաեւ մնացեալները` Բալիկ Հապոյեան (Մարդիրիօ), Լիլիթ Գույումճեան (Անկուստիաս), Բալիկ Թէքելեան (Ամելիա), Շուշիկ Գոճայեան (Մարիա Խոսեֆա), Պեթի Սուլեան (սպասուհի), Անժելինա Սարգիսեան, Էմմա Քէշիշեան (Մակտալենա) իւրովի եւ մեծ վարպետութեամբ կը վերարտայայտէին իրենց հերոսներուն ներաշխարհը եւ կերպարներու մեկնաբանութեան կու տային իրենց սեփական կնիքը: Անոնք անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ իրօք արժանաւոր աւագ սաներն են «Արեգ» թատերախումբին: Դերասանները իրենց դիմախաղերով, բեմական շարժուձեւերով, շեշտաւորումներով յաջողեցան իրենց ըսելիքը տեղ հասցնել եւ ստեղծել տպաւորիչ կերպարներ ու ազդեցիկ պատկերներ:
Թէեւ տխուր էր ներկայացման աւարտը: Հերոսուհին (Ատելա), յանուն սիրած տղամարդուն, ինքնասպան եղաւ, բայց տխուր աւարտը, շնորհիւ դերասաններու ճկուն խաղարկութեան, հանդիսատեսին մէջ դրաւ յոյսը վաղուան® Այդ յոյսով ալ հանդիսատեսը հեռացաւ թատերասրահէն:
Հիանալի բեմայարդարումը, երաժշտական ու ձայնային ձեւաւորումները ալ աւելի տպաւորիչ ու հաղորդական դարձուցած էին ներկայացումը:
Պէտք է ըսել, որ թատրերգութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ ու ջերմութեամբ ընդունուեցաւ ոչ միայն հանդիսատեսին կողմէ, այլեւ լիբանանահայ աշակերտութեան, որ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին հոծ բազմութեամբ խմբուած էր թատերասրահին մէջ` դիտելու ներկայացումը:
Թատերախաղը պիտի ներկայացուի նաեւ շաբաթ, 20 փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին: Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի աւագ սերունդին ներկայացումը վայելելու եւ քաջալերելու հրաւիրուած է լիբանանահայութիւնը: