Դամասկոսի մէջ Ինտոնեզիոյ դեսպան Ժոքօ Հարիանթօ յայտնեց, որ Սուրիոյ ապագան կը գտնուի «միայն իր ժողովուրդին ձեռքը»: Ան ըսաւ, որ սուրիացի ժողովուրդը կը դիմակայէ ահաբեկչութիւնն ու աւելի քան 80 երկիրներէ եկած արտաքին ուժերը` աւելցնելով, որ իր երկիրը` իբրեւ ԱՍԷԱՆ կազմակերպութեան ղեկավար, կոչ պիտի ուղղէ Սուրիոյ վերաշինութեան:
Ինտոնեզիոյ դեսպանը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ մաս կազմել «Ահաբեկչութեան դէմ իսլամական զինուորական դաշինք» նախաձեռնութեան` հերքելով «Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդած այն լուրը, թէ ինտոնեզիացի զինեալներ մաս կը կազմեն Ռիատի կողմէ մարզումի ենթարկուող 150 հազար զինուորներէ բաղկացած ուժի մը, որ թրքական սահմանին ճամբով մուտք պիտի գործէ Սուրիա:
Ան ըսաւ, որ այդ մասին խօսակցութիւնը իր երկրին ներքին հարցերուն միջամտութիւն է եւ իսրայէլեան ու արեւմտեան աջակցութիւն վայելող լրատուամիջոցներու կողմէ երկիրներու միջեւ «իրարանցում» ստեղծելու համար «լրատուական քարոզչութիւն»: