Saturday May 18, 2013

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՄԱՐՈՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

By adminx - Wed Mar 16, 7:29 am

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մարոնի եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Պշարա Ռայիին յղեց շնորհաւորական հետեւեալ հեռագիրը.

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Ձերդ ամենապատուութեան կը փոխանցէ իր խորին շնորհաւորութիւնները` Ձեր մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարք ընտրուելուն առիթով: Կը շնորհաւորենք Ձեզ, ընդհանրապէս լիբանանցի ժողովուրդը եւ մասնաւորապէս մարոնի համայնքը` հայցելով առ Աստուած, որ Ձեզի պարգեւէ քաջառողջութիւն եւ հանգստութիւն` շարունակելու համար Ձեր երթը, որ լի է զանազան մարզերու մէջ Ձեր մատուցած ծառայութիւններով:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ԿՈՄԻՏԷ

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement