Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ 16 փետրուարին 86 տարեկանին մահացած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, շարժանկարի բեմադրիչ Արման Մանարեան:
Մանարեան ծնած է 1929 թուականին Թեհրանի մէջ, 1946-ին հայրենադարձած է Հայաստան: Ուսանած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին, ապա` Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ: Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է «Համամիութենական կինեմատոգրաֆիայի պետական հիմնարկ»-ին մէջ:
Արման Մանարեան նկարահանած է «Տժվժիկ», «Կարինէ», «Մորգանի խնամին», «Հեղնար աղբիւր», «Վերադարձ», «Սպիտակ ափեր», «Եւս հինգ օր», «Կապիտան Առաքել», «Ընկեր Փանջունի» ժապաւէնները: Ան նաեւ «Սասնայ ծռեր» գծանկարային երկար ժապաւէնին բեմադրողն ու բեմագրութեան հեղինակն է: