Sunday May 19, 2013

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ

By adminx - Wed Sep 07, 6:25 am

Գերապայծառ Կուճերոթթի եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի հետ:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Հարաւային Կովկասի մէջ պապական նուիրակին` անցնող աւելի քան ութ տարիներուն սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար եւ բարձր գնահատեց անոր անձնական ներդրումը Հայաստան-Վատիկան յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:

Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց պապական նուիրակին նաեւ հայագիտական գործունէութեան, հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ մշակոյթը աշխարհին ներկայացնելու անկեղծ ջանքերուն համար եւ յաջողութիւն մաղթեց հետագայ աշխատանքին մէջ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement