ՄԻՋԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
By adminx - Mon Sep 05, 6:45 am
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print
1 – 2 սեպտեմբեր Պիքֆայայի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջթեմական երիտասարդական հանդիպում` կազմակերպութեամբ ու հրաւէրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին: Սոյն հանդիպումը կը հետապնդէր երկու նպատակ` ա) մօտէն տեղեակ դառնալ թեմերուն մէջ հայ եկեղեցւոյ կատարած աշխատանքներուն` երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մէջ աւելիով ներառելու իմաստով, եւ բ) իմանալ թեմերու ակնկալութիւնները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն` երիտասարդութեան դերը աւելի աշխուժացնելու իմաստով:
Իր բացման պատգամին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս լայնօրէն անդրադարձաւ ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ երիտասարդութեան առանցքային ներկայութեան ու գործօն դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն: Ապա վեհափառը լայնօրէն խօսեցաւ հայ ազգի ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ երիտասարդութեան վերապահուած դերակատարութեան մասին` ընդգծելով երիտասարդներուն հետ երկխօսութիւն ունենալու, անոնց տագնապներուն ու սպասումներուն մօտէն հաղորդ դառնալու եւ համայնքային կեանքին մէջ երիտասարդութեան լայն տեղ տալու անհրաժեշտութիւնը:
Խորհրդակցական հանդիպումի առաջին նիստին, կաթողիկոսարանի Երիտասարդաց բաժանմունքի վարիչ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան բացատրեց ներկայ միջթեմական խորհրդակցական հանդիպման նպատակն ու կարեւորութիւնը: Ապա խօսք առին յիշեալ բաժանմունքի յանձնախումբի անդամները` միշտ շեշտելով երիտասարդութեան կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ հրաւիրելով երիտասարդները, որ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերեն հայ եկեղեցւոյ ու համայնքային կեանքին:
Ապա երկու օրերու ընթացքին թեմերը ներկայացնող երիտասարդները զեկուցում տուին իրենց թեմերուն մէջ կատարուող աշխատանքներուն մասին: Իւրաքանչիւր զեկուցումի յաջորդեց հարց-պատասխան, եւ այս ձեւով ներկաները տեղեակ դարձան թեմերուն մէջ կատարուող աշխատանքներուն ու երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
Խորհրդակցական հանդիպման վերջին նիստը յատկացուած էր արժեւորումի, որուն ընթացքին ներկաները իրենց դրական արտայայտութիւնները ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուող աշխատանքներուն եւ յատկապէս երիտասարդութեան նկատմամբ վեհափառին ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար: Խորհրդակցական հանդիպումը եզրափակելով իր ժողովական աշխատանքները` կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.
1) Անհրաժեշտ է ամէն միջոցներով շեշտել ու յիշեցնել, թէ երիտասարդութիւնը կոչուած է կարեւոր դերակատարութեան մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ:
2) Անհրաժեշտ է մօտէն հետեւիլ երիտասարդութեան դիմագրաւած հրատապ հարցերուն ու լուծման առաջնորդող ճամբաներ գտնել:
3) Երիտասարդական նման հանդիպումներ կազմակերպել թէ՛ թեմական եւ թէ՛ միջթեմական մակարդակներու վրայ` կազմակերպութեամբ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին:
4) Մնայուն կապ հաստատել թեմերու երիտասարդաց բաժանմունքներու ու միութիւններու եւ կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքին հետ` տեղեկութիւններ փոխանցելու, խորհրդակցութիւններ ունենալու եւ իրարու ծրագիրներուն աջակցելու հեռանկարով:
5) Յատուկ կայք մը ստեղծել երիտասարդական հարցերով զբաղող, թէ՛ թեմերու եւ թէ՛ կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքէջերուն վրայ:
Թեմերէն եկած երիտասարդները ժողովական աշխատանքներուն առընթեր նաեւ առիթ ունեցան մօտէն հաղորդ դառնալու ընդհանրապէս կաթողիկոսարանի եւ յատկապէս դպրեվանքի կեանքին:
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print




