ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵՑ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻՆԵՐԸ ԵՒ ՍՏԵՂԾԵՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏ
By adminx - Mon Sep 05, 6:44 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ Տիգրանակերտի հայրենակցական միութեան, կիրակի, 4 սեպտեմբեր 2011-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, «Սուլթան Ռումիէ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ վերակազմուած միութեան երկրորդ ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան միութեան գործունէութիւնն ու ծրագիրները: Հաւաքին ներկայ էին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Արթուր Տոնոնեան եւ աւելի քան 350 հայորդիներ:
Այս առիթով խօսք առաւ Տիգրանակերտի հայրենակցական միութեան ատենապետ տոքթ. Թովմաս Յակոբեան: Ան ըսաւ, որ միութիւնը վերակազմակերպման հանգրուանի մէջ կը գտնուի եւ կը մշակուի միութեան ծրագիրը: Յակոբեան աւելցուց, որ Եղեռնէն ետք հայրենակցական միութիւնները հայութեան համախմբման աշխատանքներուն մէջ ունէին մեծ դերակատարութիւն, եւ այսօր ալ` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախօրեակին, կը սպասուի համապատասխան գործունէութիւն:
Թովմաս Յակոբեան նշեց, որ արդէն կը գործէ երիտասարդներու միութիւնը, որ իր կարգին պիտի իրականացնէ նախաձեռնութիւններ: Յակոբեան յոյս յայտնեց, որ այս տարուան 23 հոկտեմբերին իրականանայ դէպի Տիգրանակերտ ուխտագնացութիւնը, որպէսզի տիգրանակերտցիները իրենց արմատներուն կամրջուելով վերանորոգեն իրենց ուխտը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ երգիչ Գէորգ Մատարեան, որուն նուագակցեցաւ Խաչիկ Մալխասեան: Ներկաները ազգային խանդավառ մթնոլորտի մէջ վերականգնեցին Տիգրանակերտէն Լիբանան հասած ժառանգութիւնը` հայկական երգերն ու պարը: «Ըմըն տարի իկէք ուտինք, խմինք, քեֆ էնինք»ի մթնոլորտին մէջ տիգրանակերտցիները այս ճաշկերոյթով միութեան յառաջիկայ գործունէութեան տուին նոր եռանդ: Յայտնենք, որ ճաշկերոյթին նաեւ տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ, որոնք պիտի ծառայեն միութեան նոր ծրագիրներուն իրականացման:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print




