Tuesday May 21, 2013

«Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻՆՔ ԴԷՊԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆՈՒՄ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

By adminx - Mon Sep 05, 6:39 am

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան շաբաթավերջին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց բնակութեան յատուկ համալիրներու մէջ գործարաններու գոյութեան անպատեհութիւնները` նկատել տալով, որ հաւանական որեւէ հրդեհ կրնայ վտանգել ամբողջ շրջանը:

Նախարար Սապունճեան ընդգծեց, որ նախարարութիւնը կ՛ուղղուի հիմնելու ճարտարարուեստական շրջաններ, որոնք կը գործեն տուեալ շրջանի մը մէջ` առանց վնաս հասցնելու քաղաքացիներուն:

Նախարար Սապունճեան աւելցուց նաեւ, որ այս նպատակով նախարարութիւնը պիտի կազմէ գործարաններու յատուկ վարչական խորհուրդ մը:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement