ԱԼԵՆ ԹԱՊՈՒՐԵԱՆ ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՍԻՆԻՈՐԱՅԻ ՈՒՂՂԱԾ ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐԸ
By adminx - Sat Sep 03, 6:58 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախկին նախարար Ալեն Թապուրեանի մամլոյ գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Թապուրեան խստիւ դատապարտեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի թափանցիկութեան մասին ուղղած կոչերը, որոնք կը վերաբերին ելեկտրականութեան տագնապի թղթածրարին լուծման:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ օրին նախկին վարչապետ Սինիորա մերժած է քննարկել Ա. Թապուրեանի պատրաստած ծրագիրը, որ կը միտէր վերջ տալ ելեկտրականութեան դիմագրաւած տագնապին, որովհետեւ ան գիտէր, որ այդ ծրագիրը պիտի բացայայտէ նախկին կառավարութիւններուն թերացումներուն եւ բացթողումներուն թղթածրարը` ելեկտրականութեան մարզին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ իր արձանագրելիք յաջողութեամբ պիտի սանձէ այդ մարզը ապապետականացնել փափաքող քաղաքական որոշ կողմերուն ախորժակները:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print



