Monday May 20, 2013

ԼԻՊԻՈՅ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕՐԷՆՔԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԳԱՆՔ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՆ

By adminx - Sat Sep 03, 6:42 am

Լիպիոյ բարեկամներու խորհրդաժողովին մասնակցող ղեկավարները

Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլ Փարիզի մէջ Լիպիոյ բարեկամներու խորհրդաժողովին ընթացքին խոստացաւ 18 ամիս ետք նոր սահմանադրութիւն մը որդեգրել եւ ընտրութիւններ կատարել: Միւս կողմէ, Ազգային փոխանցման խորհուրդը երէկ յայտարարեց, որ Լիպիոյ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 20 ամիս ետք: Ժալիլ աշխարհի ղեկավարներուն վստահեցուց, որ փոխանցման խորհուրդը հանդուրժողականութեամբ եւ օրէնքի իշխանութեան նկատմամբ յարգանքով լի ընկերութիւն մը պիտի կառուցէ:

Հանդիպումին նախագահող Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի «հաշտութեան եւ ներումի» կարիքը շեշտեց: Ան աւելցուց, որ այնքան ատեն որ Մոամմար Քազզաֆի վտանգ կը ներկայացնէ, օդային հարուածները պիտի շարունակուին: Ան ըսաւ, որ հանդիպումին մասնակցող 63 երկիրներ ալ յանձնառու են դրամատուներու մէջ սառեցուած գումարները լիպիացի ժողովուրդին վերադարձնելու: Հանդիպումին մասնակիցները որոշեցին 15 միլիառ տոլար վերադարձնել Լիպիոյ:

Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդը դիւանագիտական յաւելեալ խթան մը ստացաւ, երբ Ռուսիա պաշտօնապէս անոր իշխանութիւնը ճանչցաւ:

Մինչ այդ, Մոամմար Քազզաֆի իր իշխանութիւնը ստանձնելուն 42-ամեակին առիթով ձայնագրուած ուղերձի մը մէջ խոստացաւ, որ երբեք պիտի չյանձնուի:

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն Փարիզի խորհրդաժողովէն ետք «Պի.Պի.Սի.»ին յայտնեց, որ «Լիպիոյ մէջ յաջողութիւնը կը նշանակէ, թէ «Արաբական գարուն»ը կրնայ շարունակուիլ, եւ կը կարծեմ, որ ատիկա ժողովրդավարութեան համար լաւ է»:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement