ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Վարչապետ Աբրահամեան յայտարարեց որ «2016-ին կառավարութեան կազմը պիտի կրճատուի»:
Ժամանակն է նաեւ որ այս փոփոխութիւններուն առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անուանական լեզուն «հայացուի»` փոխարինելով օտար բառերը հարազատ հայերէնով: Վստահ եմ որ վարչապետ Աբրահամեանը իր վարչական եւ ազգային խստապահանջ մօտեցումով պիտի կարենայ իրագործել այս խիստ կարեւոր եւ անյետաձգելի աշխատանքը:
Այս նիւթով նախապէս անդրադարձած էի «Հայերէնը պահպանելու եւ վերականգնելու գործնական առաջարկներ» («Ազդակ» 30 յուլիս 2015) յօդուածով, սակայն այս առիթով առաջարկը կը կրկնեմ որպէս կոչ:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 18 նախարարութիւններէն հետեւեալ եօթը նախարարութիւններուն անուններուն մէջ կան օտար բառեր, եւ զարմանալիօրէն անոնց համապատասխանող հայերէն բառեր արդէն գոյութիւն ունին: Ստորեւ` ներկայիս գործածուող նախարարութեան անունը, եւ տակը` առաջարկուած անաղարտ հայերէն անունը:
1. «Միջազգային տնտեսական ինտեգրման եւ բարեփոխումների նախարարութիւն»
«Միջազգային տնտեսական լրացնումի եւ բարեփոխումների նախարարութիւն»
2. «Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերի նախարարութիւն»
«Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերի նախարարութիւն»
3. «Էկոնոմիկայի նախարարութիւն»
«Տնտեսութեան նախարարութիւն»:
4. «Էներգետիկայի եւ բնական պաշարների նախարարութիւն»:
«Ուժանիւթի եւ բնական պաշարների նախարարութիւն»:
5. «Սպորտի եւ երիտասարդութեան հարցերի նախարարութիւն»
«Մարզական եւ երիտասարդութեան հարցերի նախարարութիւն»
6. «Տրանսպորտի եւ կապի նախարարութիւն»
«Փոխադրութեան եւ կապի նախարարութիւն»:
7. «Ֆինանսների նախարարութիւն»:
«Ելեւմտական (հարցերի) նախարարութիւն»
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր կան վեց մարմիններ, որոնց երկուքը կը պարունակեն օտար բառեր
1. «Անշարժ գոյքի կադաստրի պետական կոմիտէ»:
«Անշարժ գոյքի կալուածագրական պետական կոմիտէ»
2. «Քաղաքացիական աւիացիայի գլխաւոր վարչութիւն»:
«Քաղաքացիական սաւառնումի գլխաւոր վարչութիւն»:
Ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ ենթակառոյցներու եւ հաստատութիւններու անունները որոնք կը պարունակեն օտար բառեր, օրինակ` տիվիզիա = բաժանմունք, ասոցիացիա = ընկերակցութիւն… եւ այլն:
Շնորհաւորելով նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը` կը մաղթենք յաջողութիւն եւ արդիւնաբեր աշխատանք:
30 դեկտեմբեր 2015