Հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Սիլվա Սապունճեաններուն, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, հինգշաբթի, 17 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նոր տարի, նոր յոյս» հաւաքական ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին ինը գեղանկարիչներ, որոնց շարքին` Շարպել Սամուէլ Աուն, Տորին Խանամիրեան, Ժաքլին Օհանեան, Ժանեթ Յակոբեան եւ ուրիշներ:
Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմի անդամ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան յայտնեց, որ այս հաւաքական ցուցահանդէսով, Համազգայինի ցուցասրահը կ՛եզրափակէ 2015 տարեշրջանի իր գործունէութիւնը: Հակառակ երկրին անբարենպաստ պայմաններուն, ցուցասրահը յաջողած է կազմակերպել եւ իրագործել տասը անհատական եւ հաւաքական ցուցահանդէսներ: Տէրտէրեան բացման խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ ցուցահանդէսին թեմային նման, նոր տարին իրեն հետ կը բերէ նոր յոյս, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն:
Սիւզի Տէրտէրեան խօսքը փոխանցեց գեղանկարիչ Ժաքլին Օհանեանին, որ մասնակից արուեստագէտներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, յատկապէս ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին` կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին համար: Օհանեան նշեց, որ այս ցուցասրահին իւրայատկութիւնը իր ակնբախ աշխուժութիւնն է գեղանկարչութեան, լուսանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ «էնսթալասիոն»-ի մարզերուն մէջ` նեցուկ կանգնելով ոչ միայն արդէն իսկ ճանչցուած արուեստագէտներուն, այլեւ յառաջ քշելով արուեստի աշխարհին մէջ իրենց առաջին քայլերը ընող արուեստագէտները: Իր խօսքին աւարտին Ժաքլին Օհանեան ցուցահանդէսին մասնակից արուեստագէտներուն անունով Ամանորի առիթով իր լաւագոյն մաղթանքները փոխանցեց ներկաներուն:
Ժաքլին Օհանեանէն ետք խօսք առաւ Նազարէթ Սապունճեան, որ նշեց, թէ Լիւսի Թիւթիւնճեանը, որուն անունը կը կրէ Համազգայինի ցուցասրահը, գեղանկարիչ մըն է: Հետեւաբար, հաւատարիմ մնալով Լիւսի Թիւթիւնճեանի ուղեգիծին, Համազգայինի ցուցասրահը կը շարունակէ արժեւորել արուեստն ու մշակոյթը: Սապունճեան նաեւ անդրադարձաւ Համազգայինի մնացեալ կառոյցներուն` Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին, «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, «Գայեանէ» պարի դպրոցին, «Քնար» պարախումբին… Սապունճեան աւելցուց, որ Համազգայինը իբրեւ հաստատութիւն մեծ մասնակցութիւն բերած է եւ հարստացուցած է Լիբանանի մշակութային կեանքը: Ան վերջապէս շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին` ցուցահանդէսին կազմակերպման համար, շնորհաւորեց արուեստագէտները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:
«Նոր տարի, նոր յոյս» հաւաքական ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ շաբաթ, 16 յունուար, առաւօտեան 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30: