Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյեսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած աղբի տագնապը եւ անոր լուծման նպատակով Շեհայէպի մշակած ծրագիրը: