Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կիրակի, 22 նոյեմբերին աւարտեց 2015-ի իր յայտագիրը, երբ կազմակերպեց Լիբանանի անկախութեան նուիրուած հեծելարշաւի մրցում մը` Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ)` մասնակցութեամբ 74 երկսեռ հեծելանւորդներու:
Աղջկանց տիտղոսակիր հանդիսացաւ Սթեֆանի Մոմճեան, որ արձանագրեց 37 վայրկեան եւ մէկ վայրկեանով գերազանցեց իր ետին գտնուող Ֆարահ Հըլուանին:
Գլխաւոր մրցումը եղաւ իւրայատուկ` նկատի ունենալով, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան եւ թեքնիք տնօրէն Քայսար Սալլում:
43 քմ (9 լեփ) երկարութիւն ունեցող այս մրցումին առաջին հանդիսացաւ Քարլ Օսէյլի (1 ժամ 10′):
Երիտասարդներու մրցումին առաջին հանդիսացաւ Ռոյ Ռուքոզ (Աթլեթիքօ Պէյրութ), որ քանի մը երկվայրկեանի տարբերութեամբ միայն գերազանցեց Բեկոր Եագուպեանը (ՀՄԸՄ Այնճար):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին անդամներուն: