«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ քառասուն երկիրներ կը քննարկեն Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիրներու ստորագրման կարելիութիւնը:
Փութին այս յայտարարութիւնը կատարած է Ասիա-խաղաղովկեանոսեան տնտեսական համագործակցութեան երկիրներու վեհաժողովին նուիրուած իր յօդուածին մէջ:
Ան յօդուածին մէջ յիշեցուցած է, որ մայիսին ազատ առեւտուրի գօտիին վերաբերալ համաձայնագիր կնքուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Վիեթնամի միջեւ: «Նոյնպիսի համաձայնագիրներու ստորագրման կարելիութիւնը կը քննարկեն յաւելեալ քառասուն երկիրներ», ըսած է Փութին:
«Այսօր Ռուսիան Հայաստանի, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Խըրխըզիստանի հետ յաջողութեամբ կը զարգացնէ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը: Մեր համարկման նախագիծը սկիզբէն ուղղուած է այլ երկիրներու եւ անոնց միաւորումներու հետ համագործակցութեան», նշած է ան:
Փութին թափանցիկ գործընկերութեան օրինակ նկատած է Եւրասիական տնտեսական միութիւնը Չինաստանի նախաձեռնած «Մետաքսի ճամբու տնտեսական գօտիին» հետ զուգորդելու համաձայնութիւնը: