«ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՀՈՒ ԿՐՆԱՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ԹՐՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ
By adminx - Fri Aug 26, 6:43 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Արա Գոչունեան նշեց, որ Թուրքիոյ նորընտիր խորհրդարանին օրակարգէն հանուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները որեւէ պահու կրնան կրկին օրակարգ վերադառնալ:
Գոչունեան յայտնեց, որ արձանագրութիւնները քննարկումներէն դուրս մնացած են ոչ թէ երեսփոխաններուն, կառավարութեան կամ նախագահին նախաձեռնութեամբ, այլ` ինքնաբերաբար:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյց ունենալով Գոչունեան պարզաբանեց, որ եթէ արձանագրութիւնները խորհրդարանի գումարման շրջանին առաջադրուած եւ վաւերացման չհասցուած ըլլան, անոնք ինքնաբերաբար յաջորդ խորհրդարանի օրակարգէն դուրս կը մնայ: Ըստ անոր, օրակարգէն դուրս մնալը չի նշանակեր, որ անոնք ընդհանրապէս ջնջուած են կամ մէկ անգամ ընդմիշտ մէկ կողմ դրուած են: Յաջորդ գումարման շրջանին, երբ անհրաժեշտութիւն ըլլայ, խորհրդարանական նախաձեռնութեամբ կարելի է վերստին օրակարգին վրայ բերել:
Խորհրդարանական նախաձեռնութենէն բացի, ըստ Գոչունեանի, արձանագրութիւնները վերստին կրնան օրակարգ մտնել նաեւ կառավարութեան` այս պարագային արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:
«Ժամանակ»ի խմբագիրը յայտնեց, որ միջոցները բազմազան են եւ անհրաժեշտ է միայն քաղաքական կամք ցուցաբերել: Ան նշեց, որ եթէ այդ պահը հասուննայ, արդէն ինքնաբերաբար դժուար չէ այդ հոլովոյթը նորէն թարմացնելը: Ըստ անոր, անշրջելի ոչ մէկ բան կայ այդ ուղղութեամբ:
Անգարա մինչեւ այսօր որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չէ կատարած արձանագրութիւնները օրակարգին վրայ ձգել-չձգելու կամ անոնց հետագայ ճակատագիրին վերաբերեալ:
Երեւանի մէջ ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ստեփան Սաֆարեան պնդեց, որ այս զարգացումը ցոյց կու տայ Անգարայի քաղաքական վերաբերմունքը երկու տարի առաջ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութեանց նկատմամբ: «Քաղաքական այս վերաբերմունքով պաշտօնական Անգարան բառացիօրէն ըսած է այս երկուքէն մէկը` ատիկա իրեն համար այնքան ալ հետաքրքրական չէ, կամ ինք չի պատրաստուիր այլեւս այդ արձանագրութիւնները կեանքի կոչել եւ կը պատրաստուի հրաժարիլ անոնցմէ», ընդգծեց Սաֆարեան:
Խորհրդարանական ընդդիմութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ժառանգութեան համոզումով, Հայաստանի իշխանութիւնները այժմ պէտք է անյապաղ վերցնեն իրենց ստորագրութիւնը արձանագրութիւններէն, որ ընդամէնը մէկուկէս տարի առաջ սառեցուած են` նախագահ Սերժ Սարգսեանի որոշումով:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print



