1972-ի ապրիլ 9-ին, ծննդեանս տարեդարձի օրը, Շահմելիքեան մը աւելցաւ մեր շատ փոքր գերդաստանին մէջ: Մարոն էր, որ այդ օր եղբօրս` Անդրանիկին հետ հայ ընտանիք մը կազմելով` միացաւ մեր ընտանիքին:
Բախտաւորուեցան երկու զաւակներով:
Երջանիկ էինք:
Այդ ուրախ թուականէն 7 տարի ետք` 5 յունուար, 1979-ին, Ս. Ծննդեան խթումի օրը, Մարոն կորսնցուց իր սիրելի կողակիցը` եղբայրս:
Տխուր էինք:
Տարիները սահեցան: Զաւակները հասակ առին, ստացան բարձրագոյն ուսում: Երկուքն ալ հայկական ընտանիք կազմեցին եւ իրենց մօր` Մարոյին շնորհեցին 3 թոռներ:
Երջանիկ էինք, սակայն ինչպէս հայրս յաճախ կը կրկնէր, «Կատարեալ երջանկութիւն գոյութիւն չունի»: Բան մը պակաս էր, եղբայրս չկար:
22 սեպտեմբեր, 2015: Շահմելիքեան մը եւս կորսնցուցինք մեր արդէն իսկ փոքր գերդաստանէն: Մարոն էր, որ հեռացաւ այս աշխարհէն` միանալու իր սիրելի կողակիցին:
Տխրութիւնը դարձեալ հարուածեց մեր ընտանիքը:
Այո՛, դարձեալ տխուր ենք, սակայն չենք գիտեր` Մարոն երջանի՞կ է, թէ՞ տխուր: Հարցում մը, որուն պատասխանը դժուար է կռահել:
Հաւանաբար` երկուքը:
Ե՛ւ երջանիկ, ե՛ւ տխուր:
* * *
Ils sont venus, ils sont tous là
Dès qu’ils ont entendu ce cri
Elle va mourir La Mamma (Charles Aznavour).
Մօրս մահէն ետք չեմ կրցած ունկնդրել այդ սքանչելի երգը:
Տարիներ ետք, այսօր, Մարոյին սնարին շուրջ հաւաքուած, ուղեղիս մէջ ակամայ այդ յանկերգն է, որ կը կրկնուի անդադար:
Elle va mourir La Mamma (պիտի մեռնի մաման):
Մարոն: եղբօր կին մը ըլլալէ աւելի, հարազատ քոյր մըն էր: Եղած է իմ եւ կողակիցիս ամուսնութեան եւ մեր զաւկին մկրտութեան կնքամայրը:
Հիւանդանոցի տխուր մթնոլորտին մէջ հաւաքուած ենք բոլորս` հրաժեշտ տալու մեր սիրելի Մարոյին: Իր զաւակներն ու հարազատները, նաեւ` խնամիները, ծանօթներն ու իր զաւակներուն տասնեակներով ընկերները:
Մարօ: Ի՞նչ մակդիրով կարելի է կանչել զինք:
Իր զաւակներուն, իր հարսին ու իր փեսային մաման էր:
Իր պաշտելու աստիճան սիրելի թոռներուն «Մարօ նէնէ»-ն:
Իր զաւակներուն ընկեր- ընկերուհիներուն «Մարօ թանթիկ»-ը:
Բոլորին կարիքներուն հասնող «տիկին Մարօ»-ն:
Նուիրեալ հայ մօր մը տիպարը ամբողջութեամբ լրացնող Մարոն:
Քահանայ հայրը եկած ու տուած է վերջին հաղորդութիւնը իր անգիտակից վիճակին մէջ:
Ամբողջ գիշերը հոն ենք, բոլորս:
Աչքերնիս գործիքներուն վրայէն չենք հեռացներ եւ սրտի զարկերուն կը հետեւինք, որ կամաց կամաց կը դանդաղի: Կը նշանակէ, թէ մօտ է վախճանը: Յանկարծ կը վերագտնէ իր բնականոն վիճակը: Այդ պայմաններու մէջ միակ յոյսը Աստուծոյ հրաշքն է, որ մարդ արարածը կ’ակնկալէ, սակայն, աւա՜ղ. քանի մը վայրկեան միայն կը տեւէ մեր յոյսն ու ուրախութիւնը: Կարծես, Աստուած, չես գիտեր ի՛նչ պատճառով, միտքը կը փոխէ: Մարոյին նման աստուածավախ, ամէնուն հասնող անձի մը կը զլանայ կեանք շնորհել: Չ’ուզեր ուրախացնել անոր հարազատները:
Սրտի զարկերը դարձեալ անկում կը կրեն:
Առաւօտեան ժամը 4-ն է:
Եղբօրորդիս նախ կը խնդրէ ու ապա կը ստիպէ իր ընկերներուն, որ մեկնին իրենց տուները: Տղաքը կարգով կը մօտենան ու արցունքոտ աչքերով կը համբուրեն «Մարօ թանթիկ»-ին ճակտէն: Ամէն մէկը ըսելիք մը ունի: «Աստուած հետդ, թանթի՛կ: Բարի ճանապարհ դէպի արքայութիւն»: «Գնա՛, միացիր ամուսնոյդ. 36 տարի է առանձին է, քեզի կը սպասէ»:
Արեւը ծագած է արդէն, սակայն շուտով Մարոյին համար արեւը յաւիտենական մար պիտի մտնէ ու այլեւս երբե՛ք պիտի չծագի: Վերջին արեւածագը, որ արդէն չի կրնար նկատել: Քիչ անց բժիշկ մը կը ներկայանայ եւ կը յայտնէ, որ այլեւս ընելիք չունի: Մեզի կը մնայ միայն սպասել որ… մեկնի: Մեկնի այս տառապանքներով լեցուն աշխարհէն ու միանայ իր սիրելի Անդրանիկին եւ միասին «վայելեն» յաւիտենական կեանքը: Այո՛, Մարոն խիստ հաւատացող մըն էր յաւիտենական արքայութեան:
Մահճակալը կը փոխադրեն առաջին յարկի վրայ գտնուող սենեակ մը: Դրան վրայ կը կարդանք. «Հանգստարան»: Հոն կը փոխադրեն անյոյս հիւանդները:
Լուսաւոր սենեակ մըն է, որուն պատուհանէն արեւի շողերը ներս կը թափանցեն, սակայն` ի՞նչ օգուտ: Ո՛չ կը տեսնէ, ո՛չ ալ կը զգայ արեւի ջերմութիւնը :
Անքնութենէս կը զգամ որ աչքերս ինքնաբերաբար կը գոցուին: Կ՛անցնիմ սպասման սրահ ու բազկաթոռի մը վրայ հազիւ նստած` արդէն աչքերս գոցուած են: Կ’երազե՞մ, թէ՞ կը վերյիշեմ անցեալը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենադաժան օրերն էին, եւ մենք կը մտածէինք գաղթել Լիբանանէն ու հաստատուիլ Լոս Անճելըս: Դժուար որոշում էր: Ամենադժուարը Մարոյէն ու պզտիկներէն բաժնուիլն էր: «Զաւակներս ու ես Շահմելիքեան ենք, դուք ուր, ես հոն» կը կրկնէր յաճախ, ու միացաւ մեր ընտանիքին, եւ 1981-ին հաստատուեցանք Լոս Անճելըս ու որոշեցինք բոլորս միասին ապրիլ նոյն յարկին տակ:
Հայկական աւանդական ընտանիք մը:
Զաւակները անչափահաս էին, չէինք կրնար Մարոն ու պզտիկները առանձին ձգել այդ հսկայ «խենթանոց» երկրին մէջ:
Տարիները սահեցան: Մատղաշ զաւակները կազմեցին հայկական ընտանիքներ, ու իրենց մօր շնորհեցին 3 թոռներ, Սարելը, Անդոն ու Ցոլերը: Երջանիկ էր իր զաւակներով ու թոռներով, սակայն ամէն ուրախ առիթով կը սրբէր իր արցունքոտ աչքերը` յիշելով իր շատ սիրելի ամուսինը, որ չկրցաւ վայելել իր զաւակներն ու թոռները:
Սովորութիւն դարձուցած էինք ամէն հինգշաբթի հաւաքուիլ բոլորս Մարոյին տունը:
Երջանիկ էինք այդ օր: Ամէնաերջանիկը Մարոն էր: Անդադար թոռնիկներուն շուրջը կը դառնար, սեղանը լեցուն էր իր համեղ, ախորժաբեր կերակուրներով:
Հիմա, որ այդ սեղանէն մնայուն բացակայ է Մարոն, կը մտածեմ. արդեօք պիտի կարենա՞նք շարունակել այդ հիանալի աւանդական սովորութիւնը: Ժամանակը պիտի որոշէ այդ մէկը: Նոյնիսկ եթէ շարունակենք, «Մարօ նէնէ»-ն ներկայ չէ, որ դառնայ թոռնիկներուն շուրջը: Ներկայ չէ, որ ամէն Զատկուան տօնին պատրաստէ իր այնքան համեղ արմաւով «քեխքէ»ները բոլորիս համար: Լոս Անճելըս լեցուն է հայկական փուռերով եւ ամէն տեղ կարելի է գտնել այդ «քեխքէ»-ները, սակայն հայկական աւանդութիւն մը պիտի պակսի մեր տան մէջ:
Երնէ՜կ այն օրերուն, երբ բոլորս միասին էինք:
Շատ մը «երնէկ»-ներ կրկնած ենք մեր կեանքի ընթացքին:
Երնէ՜կ այն օրերուն, երբ հայը կ’ապրէր իր պապենական հողերուն վրայ:
Երնէ՜կ այն օրերուն, երբ տակաւին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը չէինք տեսած:
Երնէ՜կ այն օրերուն, երբ ամբողջ Միջին Արերելքը չէր բռնկած, ու սփիւռքը կը բարգաւաճէր:
«Երնէ՜կ»:
Հայ ժողովուրդի համար` պատմութեան անցած բառ մը, որ կորսնցուցած է իր իմաստը:
* * *
Եկեղեցին ենք: Խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած է Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին` յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու բոլորէն սիրուած ու յարգուած Մարոյին:
Եկեղեցւոյ առաստաղին վրայ կը նշմարեմ գծագրուած հրեշտակներու նկարներ:
Երեւակայական հրեշտակները անոնք են, որոնք միշտ բարիք կը ցանկան ուրիշին. կը հասնին բոլորին կարիքներուն: Մարոն երկնքի մէջ բնակող, երեւակայական հրեշտակ մը չէր: Ան իսկական հրեշտակ մըն էր` բոլորին բարիք ցանկացող, բոլորին հասնող:
«Ի վերին Երուսաղէմ»: Ամենայուզիչ շարականը:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը հասած է իր աւարտին:
Եփրեմ արք. Թապագեան իր սրտի խօսքին մէջ կը նշէ. «Տիկին Մարոյի տան պատերը բարձրագոյն վկայականներով չեն զարդարուած: Առիթը չէ ունեցած բարձրագոյն ուսում ստանալու, սակայն իր զաւակներուն տուած է այնպիսի դաստիարակութիւն մը, որ շատ աւելի բարձր է, քան` համալսարանական որեւէ վկայական»:
Տակաւին առողջ էր, սակայն գրեթէ ամէն օր կը կրկնէր. «Միայն ձեռքէ ոտքէ չ’իյնամ ու հանգիստ մահ մը ունենամ»: Ինք կը հասնէր բոլորին, սակայն «չէր ուզեր ուրիշին նեղութիւն պատճառել»:
Աստուած լսեց իր աղօթքները եւ իրեն հանդարտ մահ մը շնորհեց: Չչարչարուեցաւ:
Սգակիրները մէկ առ մէկ կը մօտենան դագաղին, կը խաչակնքեն ու կը մեկնին:
Ես ալ իմ կարգիս կը մօտենամ եւ վերջին անգամ ըլլալով կը զրուցեմ Մարոյին հետ, որ զիս անպատասխան կը ձգէ:
«Սիրելի՛ Մարօ, միայն գիտնաս, թէ որքա՛ն այցելուներ ունեցար հիւանդանոցին մէջ, երբ դուն անտեղեակ, հանգիստ կը քնանայիր: Վարժուած չենք քեզ այդպէս հանդարտ տեսնելու: Հազիւ հիւր մը տանդ դռնէն ներս մտնէր, անմիջապէս խոհանոց կը վազէիր հիւրասիրութեան պատրաստութիւն տեսնելու: Առաջին անգամն է, որ այցելուներդ առանց հիւրասիրելու կը ճամբես:
Ընթերցասէր էիր: Ի՜նչ մեծ հաճոյքով կը կարդայիր հայերէն գիրք ու լրագիր: Դուն, որ այնքան կը գնահատէիր գրութիւններս, այժմ, այս համեստ ու սրտաբուխ գրութիւնս նուիրուած քու անթառամ յիշատակիդ, պիտի չկարենաս կարդալ, սակայն ճիտիս պարտքը համարեցի «խօսիլ» քեզի հետ: Կրնա՞յ ըլլալ, որ վերէն կարենաս կարդալ կամ լսել զիս»:
«Արագաշարժ էիր եւ ամէն ինչ կ’ուզէիր ընել հապճեպով: Անհանգստանալդ ու մեկնիլդ նոյնը եղաւ, հապճեպով: Այնքան աճապարեցիր, որ մինչեւ իսկ քրոջդ` Մատլենին Լիբանանէն հասնելուն չկրցար սպասել:
Այդքա՞ն անհամբեր էիր միանալու ամուսնոյդ»:
* * *
«Եւ մահամերձն ալ կ՛ուզէ երկու բան,
Նախ` կեա՜նքը, վերջը` լացող մ’իր վրան»
(Պետրոս Դուրեան)::
Կեա՞նքը…
Ո՛չ ոք կրցաւ փրկել թանկագին կեանքդ,
սակայն… վրադ լացողները անհաշիւ են, ամէնքէն սիրուած Մարօ՛:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս 2015