Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Եասեր Արաֆաթ երկու անգամ Հայաստան այցելած է 1970-ականներուն եւ 1980-ականներուն:
Արաֆաթ քանի մը ժամ Երեւանի մէջ անցուցած է Պէյրութէն Մոսկուա ճամբուն վրայ:
Երկրորդ այցելութեան ընթացքին Արաֆաթ իր հայ հիւրընկալողներուն հետ տեսակցութեան ընթացքին յատկանշական խոստովանութիւն մը ըրած է: Հայաստանի ընտրանին այդ օր Արաֆաթը պատուած է հայկական ճոխ հիւրասիրութեամբ: Զրուցակիցները հայերու եւ պաղեստինցիներու միջեւ զուգահեռներ ըրած են: Արաֆաթ աւելի հեռու երթալով` խոստովանած է, որ ինք պաղեստինցիներուն նոյնիսկ յորդորած է աւելի նմանիլ հայերուն, անոնց աշխատասիրութեան եւ հայրենասիրութեան առումով:
Կ՛ըսուի, թէ Արաֆաթ նաեւ ըսած է, թէ իր ժողովուրդին մէկ բան բնաւ չ՛ըսեր, որ ընդօրինակեն հայկական փորձառութենէն: Հայկական բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը օդակայանի տարանցիկ բաժինի պատուոյ հիւրերու դահլիճին մէջ անձկութեամբ պահ մը սպասած է, թէ Արաֆաթ ի՞նչ ունի միտքին մէջ: Պաղեստինցի ղեկավարը ըսած է. «Արեւմտեան Հայաստանէն արտաքսուելէ ետք հայերը օտար քաղաքացիութիւններ ստացան, սկսան հարստանալ, կալուածներ ունենալ իրենց որդեգրած երկիրներուն մէջ: Ասիկա առաջնորդեց անոր, որ հայերը մոռնան իրենց կորսնցուցած երկրին մասին: Պաղեստինցիները ճիշդ այս պատճառով, իրենց բնակած ոչ մէկ արաբական երկրի քաղաքացին պիտի ըլլան»:
Արաֆաթին արտայայտած այս տեսակէտը (եթէ անշուշտ վաւերական է), կրնայ ընդունելի ըլլալ կամ ոչ: Սակայն Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքէն հայերու զանգուածային արտագաղթը նոր հարցումներ կը յառաջացնէ… առնուազն: