ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
By adminx - Thu Aug 25, 6:56 am
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն «Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելման պահանջը տակաւին առկայ է` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն համբերութիւնը հատած է եւ անոնք համադաշնակցութենէն առաջ արդէն պիտի ուղղուին ընդհանուր գործադուլի:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման մասին Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախարարներուն կեցուածքը քաղաքական է եւ ոչ թեքնիք:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման դէմ կեցող կողմերն են, որոնք ձախողեցուցած են խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է մեծ զարգացում եւ յաջողութիւն արձանագրել` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով:
ՊԵՆԶԻՆԻ եւ մազութի թիթեղին սակը արձանագրեց 400 լ. ոսկիի նուազում, իսկ պիւթակազի շիշին սակը սղեցաւ 200 լ. ոսկիով:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ 4 օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Լիբանանի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին առնչութեամբ կառավարութեան ժխտական կեցուածքի պատճառաբանութիւնները սպառած են` աւելցնելով, որ կառավարութեան երէկուան նիստը ճակատագրական է:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ դրամատուներու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ուիսամ Ֆթուհ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանանի դրամատնային մարզին նկատմամբ մեծ վստահութիւն կայ` աւելցնելով, որ այդ վստահութիւնը հետզհետէ կ՛ամրապնդուի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ կը տիրէ ապահովական եւ քաղաքական առողջ կացութիւն:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ակներեւ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Լիբանան պիտի վկայէ քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւններ, որոնց շարքին նաեւ քաղաքական սպանութիւններ եւ պայթումներ:
ՏԱՐ ֆաթուայի յատուկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ հանրապետութեան միւֆթին լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ պէտք է սպասել Լիպիոյ մէջ արձանագրուելիք զարգացումներուն` շարունակել կարենալու համար անհետացած իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարին քննարկումը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նպատակն է Հըզպալլայի կառավարութիւնը ձախողեցնել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապպաս Հաշեմ շեշտեց, որ ելեկտրականութեան ծրագիրը վաւերացնելու իմաստով Լիբանան կը գտնուի պատմական առիթի մը առջեւ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի շեշտեց, որ կայունութեան պահպանումը առաջնահերթութիւն է:
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print



