Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցան գրական ընթերցումներ Գրիգոր Պըլտեանի իր «Տեղագրութիւն» եւ «Մանտրաներ» գիրքերէն` ներկայութեամբ ընթերցասէր համեստ խմբակի մը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սեդա Ունճեան-Խտըշեան: Ան ուրախութեամբ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ գրական այս հանդիպումը Գրիգոր Պըլտեանի գրական ձեռնարկներուն վերջինը կը նկատուի Պէյրութի մէջ:
Ապա խօսք առաւ Շաղիկ Մկրտիչեան` նշելով. «Գրիգոր Պըլտեանի գրական հանդիպումներն ու ձեռնարկները իրենց ամբողջութեան մէջ յաջողեցան լիբանանահայ հասարակութեան ծանօթացնել ոչ միայն Գրիգոր Պըլտեանը անձամբ, այլ նաեւ անոր գործերը: Գրիգոր Պըլտեանի գրականագիտական եւ վերլուծական ելոյթներէն ետք այսօրուան ծրագիրով կ՛անցնինք գործի` ընթերցելով անոր գիրքերէն հատուածներ»: Շաղիկ Մկրտիչեան յայտնեց, որ Գ. Պըլտեանի «Տեղագրութիւն» գիրքը, որ հրատարակուած է 1976-ին, ապա վերահրատարակուած` 1997-ին, կը խօսի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին Պէյրութ քաղաքի քարուքանդ եղած վիճակին մասին: Եթէ էջերուն նայինք, ըսաւ ան, կը տեսնենք կտրատուած տողեր, պատառոտուած էջեր, որոնք կը զգացնեն պատերազմը: Ապա հրաւիրեց Նորվան արք. Զաքարեանը, որ իր կարգին ներկայացնէ, ապա կատարէ ընթերցումներ «Տեղագրութիւն» գիրքէն: Ան սահմանելով Գրիգոր Պըլտեանի գրականութեան վարդապետութիւնը ըսաւ. «Անիկա կը ձգտի հողէն կտրուած մեր հաւաքականութիւնը ազատագրելու ելքի արարման եւ կը ձգտի իրականացնել սփիւռքեան պայմաններուն մէջ մեր ինքնութիւնը ունենալու, պահելու արարումը»: Նորվան արք. Զաքարեան յայտնեց, որ Գ. Պըլտեանի գործերը ընթերցողը կրաւորական դիրքէն կը փոխադրեն դէպի ներգործական դիրք: Ան ըսաւ, թէ Գ. Պըլտեանի գրականութեան երկարատեւ ուսումնասիրութեան արդիւնք էր 1987-ին հրատարակած իր աշխատասիրութիւնը «Յաղագս Գրիգոր Պըլտեանի քերթողութեան»: Ան անդրադարձաւ, որ Պըլտեանի բանաստեղծութիւններուն սկզբնաւորութեան հարցը անհրաժեշտութիւն է, սկիզբը միշտ դժուար եղած է Պըլտեանին համար, անձայն, բայց կարեւոր, որովհետեւ ան որ իր սկիզբը չի ճանչնար, չի կրնար զարգացնել կեանքը: Ըստ Գ. Պըլտեանի, ըսաւ Նորվան արք. Զաքարեան, գրելը կեանք մտնելու անվերջ արարում մըն է, ապա աւելցուց. «Մեր օրերուն գալով` սփիւռքի հայոց պատմութիւնը կը սկսի մեծ աղէտով մը, փաստօրէն` մահով»:
Ան հաստատեց, որ հարազատութեան ծնունդ են Գրիգոր Պըլտեանի բոլոր գործերը, որոնք շատ հեռու են ճառային գրականութենէն: Իսկ «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքին» գործին մէջ Պէյրութի աղէտալի դէպքերը կը յղեն նախորդ մեծ աղէտին, այսինքն` 1975-ի դէպքերը ժամանակակից կ՛ըլլան 1915-ին: Մէկ խօսքով` գործը կը կեդրոնանայ հայ հաւաքականութեան ճակատագիրին վրայ: Նորվան արք. Զաքարեան կը նշէ, որ Գ. Պըլտեանի այս աշխատանքին մէջ հոգեվիճակներու նկարագրութիւններ չկան, «Ես»-ը բացակայ է, եւ մանաւանդ ոչ մէկ տիրական դէմք կը տիրէ քաոսին: Պատերազմի օրերուն սէրը, մշակոյթը եւ ստեղծագործութիւնը կը քանդուին: Խնդիրը կը հասնի ոչինչի վիճակին: Փրկութիւնը կը դառնայ ոչնչութիւն: Կը մնայ միայն լեզուն, որուն կը վերագրուի կառուցողական հանգամանք: Մեկնաբանութիւններու աւարտին Նորվան արք. Զաքարեան ներկաներուն հրամցուց Գրիգոր Պըլտեանի «Տեղագրութիւն» գիրքէն հատուածներ:
Խօսք առաւ նաեւ Գրիգոր Պըլտեան: Ան համառօտ տեղեկութիւն տուաւ «Մանտրաներ» գիրքի ստեղծման մասին եւ ապա անկէ ընթերցեց հատուածներ: Գրիգոր Պըլտեան յայտնեց, որ մանտրաները հնդկական ծիսական գրականութեան մէջ կրկնուող երաժշտական վանկեր են, որոնք կը կրկնուին բազմաթիւ անգամներ: Ան ըսաւ. «Կ՛ուզէի ստեղծել բանաստեղծութեան կաղապար մը, որուն հետ կարենայ միտքս հաշտ յառաջանալ, հետեւաբար առի մանտրային գաղափարը: Կարճ նախադասութիւն մը, որ ունի քերականական յստակ ու պարզ կառուցուածք: Եւ ամէն անգամ, որ կը կրկնուի նախադասութիւնը, իրեն հետ կը բերէ փոփոխութիւն, բայց կառուցուածքը կը պահուի. ուրեմն մանտրան թէ՛ կրկնութիւն է, թէ՛ փոփոխութիւն ինքն իր մէջ»: Ըստ Գ. Պըլտեանի` բանաստեղծութիւնը նախադասութիւն է, որ պէտք է ըլլայ յստակ ու ճկուն: Ան ըսաւ, թէ «Մանտրաներ» գիրքի առաջին երեք մանտրաները մէկէն միւսը կ՛անցնին բոլորովին տարբեր մղումներով. իսկ երրորդին մէջ բոլոր մոթիւները իրարու հետ կը քալեն ու կը մէկտեղուին: Գրիգոր Պըլտեան յայտնեց, որ մանտրաներուն մէջ պատում չկայ, հոգեբանական զարգացում չկայ: «Իմ աշխատանքներուս մէջ աշխատած եմ գործածել լեզուի շերտերը եւ բանաստեղծական լեզուին մէջ մտցնել արձակը, որովհետեւ բանաստեղծութիւնը կը հարստանայ արձակով», ըսաւ Պըլտեան եւ աւելցուց, որ «այս գործը բարկութենէս ծնունդ առած է 2006-ին, երբ այն օրերուն դահիճն ու զոհը (հայ-թրքական երկխօսութիւն) տեսակ մը սիրաբանութեան մէջ էին, ինչ որ բոլորովին տարօրինակ կը թուէր ինծի ու կը բարկացնէ»: Ուշագրաւ էին Գրիգոր Պըլտեանի հարազատ ընթերցումները` ապրումով ու մեծ յուզմունքով:
Շուրջ երկու ժամ ընթերցասէր ներկաները ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մը մէջ ըմբոշխնեցին պըլտեանական գրականութիւն: Ձեռնարկի աւարտին գրական զրոյցները շարունակուեցան, հիւրասիրութեան մը մատուցման զուգընթաց: