Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով` Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի օր ճշդուած է 6 դեկտեմբեր 2015-ը:
Հրամանագիրը տեղադրուած է նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ: Հրամանագիրը գործադրման ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջորդող օրը: