ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Ատենին Հայաստանէն վերադարձող ամէն սփիւռքահայ տեսածներն ու լսածները կը նկարագրէր իր շրջապատին կամ մամուլի հրապարակումներով սիւնակներ կը լեցնէր այնպիսի յուզումնալի զեղումով կամ կրքոտ քննադատութեամբ, որ մարդ կը շուարէր: Լսած-կարդացածներէն ո՞ր մէկուն հաւատալ: Ենթակաները հայրենական «խապրիկնե՞ր» կը փոխանցէին արդեօք, թէ՞ գաղափարական պատկանելիութեան անկիւնէն` հայրենասիրական իրենց զգացումներուն վկայութիւնը կը փորձէին տալ: Աւելի խոհեմները կը նախընտրէին խորհրդաւոր լռութիւնը այն կանխահոգութեամբ, թէ քննադատական որեւէ խօսք կրնար ստեղծել ժխտական տրամադրութիւն հայրենիքի նկատմամբ, իսկ դրական երեւոյթներու մատնանշումն ալ պիտի նկատուէր գովքը վարչակարգին…
Այսպէս էր առաջ, յատկապէս` համայնավար վարչակարգի օրերուն եւ քիչ մըն ալ անկէ ետք:
Հիմա Հայաստան այցելող սփիւռքահայը իր հետը ունի այֆոնը ու թապլեթը: Շրջապատէն քաղած տպաւորութիւնը, վայրի մը առթած հիացումը կամ երեւոյթի մը պատճառած յուսախաբութիւնը յայտնելու համար վերադարձին չի վերապահեր: Տեղւոյն վրայ ցուցամատով պարզ «քլիք» մը այֆոնի նշանին, մատի քանի մը հպումներ եւս այլ նշաններու` բաւարար են արդէն, որ վայրին նկարն ու քանի մը բառերով իր բացատրականը շրջանառութեան դնէ Դիմատետրի (facebook) միջոցով:
Սփիւռքահայը հիմա կը դժգոհի պանդոկ-ճաշարաններու թանկութենէն. գոհ է, որ վարձակառքերը (թաքսի) աժան են, բայց կը գանգատի վարորդներու խաբեբայութիւններէն: Նախկին առատաձեռնը չէ, 600 դրամ արժող ուղեգինին համար հազարնոց մը կու տայ եւ վրադիրը կը պահանջէ: Ակնյայտօրէն անտարբեր է այլեւս շրջագայող մուրացկաններուն նկատմամբ: Մի՛ զարմանաք, եթէ երբեմն հանդիպիք «սրտցաւ ու ազգին պատիւովը տառապող» սփիւռքահայու, որ քարոզախօս եպիսկոպոսի հովերով, ցուցամատը վեր, ողորմութիւն մը ստանալու յոյսով իրեն ձեռք երկարող մուրացիկին երեսն ի վեր բարկութեամբ պոռայ.
– Ամօ՛թ ձեզի, որ այսպէս կը մուրաք եւ ազգին պատիւը վար կ՛առնէք…»:
Յայտնօրէն սփիւռքահայը թօթափած է այլեւս հայրենակարօտի վիպապաշտութիւնը եւ դարձած է համաշխարհային սպառող ընկերութեան բնականոն-նորմալ անդամը` անոր յատուկ կենցաղային մղումներով ու ակնկալութիւններով ապրող:
Եթէ նոյնիսկ հոս-հոն կը գտնուին տակաւին «կռունկ»-ին կարօտովը յամեցող հայ մարդեր, այդուհանդերձ, պիտի ընդունինք, որ «հողիդ մեռնիմ,… գողիդ ալ մեռնիմ, Հայաստա՜ն» ըսողներու ռոմանթիկ ժամանակները անցեալին կը պատկանին այլեւս: Այս եզրակացութիւնս աւելի ամրապնդուեցաւ, երբ անցեալ ամիս, օգոստոսեան տօթ եղանակին, բարեկամ զոյգի մը` Նազարէթ եւ Սիւզան Պարսումեաններուն հետ կինս ու ես 12-օրեայ այցելութեամբ գտնուեցանք Հայաստան: Այն ատեն հոն թապլեթ չունէի, որ զբօսաշրջիկի թափառումներուս ընթացքին տեսածներուս պատկերները եւ քաղած տպաւորութիւններս շրջանառութեան յանձնէի: Բայց հիմա հոս, համակարգիչիս առջեւ պարտազանց աշակերտի մը անհանգստացնող հոգեվիճակով «Հայաստան երթալ-գալ ու այդ մասին ըսելիք չունենա՞լ» կ՛ըսեմ ինքս ինծի: Ներքին մղում մը կը ստիպէ, որ գէթ թապլեթային մակերեսայնութեամբ անդրադարձ մը կատարեմ, որ` ահաւասիկ.
Պատկեր Առաջին
Որեւէ օտար տեղ որ այցելես, առաջին շփումդ թաքսիի մը վարորդն է, որ եթէ հետաքրքրուած ես, քեզի կը փոխանցէ երկրի մասին նախնական առաջին տեղեկութիւնները: Հայաստանի թաքսիի վարորդը միւսներէն կը տարբերի անով, որ հետաքրքրուած ըլլաս թէ չըլլաս, շփումիդ առաջին վայրկեանէն տեղեկութիւն չէ, որ կը փոխանցէ քեզի, այլ կը ձեռնարկէ կարծիք ձեւաւորող հակաքարոզչական արշաւի` երկրի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային իրավիճակի համապարփակ ոլորտներու դէմ: Անվերջանալի գանգատներու տոպրակը կը բանայ եւ… «տո՛ւր որ կու տաս»: Կեղտոտ ջուրով կը լուայ բոլորը անխտիր` իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն: Կը սկսի թիւ 1 իշխանաւորէն ու կը հասնի մինչեւ յետին պատասխանատուները:
Երկրորդ օրն է, ուրիշ վարձակառքի մը մէջ, բայց վարորդի միեւնոյն գանգատները եւ գունագեղ որակումները «կոռումպացուած» իշխանաւորներու եւ «օլիկարխ»-ներու հասցէին: Քաղաքական խօսակցութենէ չախորժող կինս, դրական մթնոլորտ ստեղծելու փորձով եւ ձայնին քիչ մը խանդավառ շեշտ տալով, կը փորձէ շեղել նիւթը.
– Գիտէք անշուշտ, որ վաղը համահայկական խաղերուն բացումն է, յուսամ` ներկայ կ՛ըլլաք եւ թերեւս հոն իրարու կը հանդիպինք…
– Ի՞նչ են ատոնք, տիկի՛ն, ի՞նչ խաղերի մասին է ձեր խօսքը, չեմ իմանում: Ես վաղ առաւօտից մինչեւ ուշ գիշեր այս թաքսիի վրայ աշխատում եմ, որ ընտանիքիս օրուան հացը միայն վաստկիմ: Ուրիշ ոչ մի բան: Կեանք չէ սա, այլ տաժանք եւ տաժանքիս մէջ ժամանակ չունեմ, որ խաղերով էլ զբաղուեմ:
Այսպէս, Հայաստանի առօրէայէն բոլորովին անտեղեակ այցելուին մէջն իսկ, վարորդի մը հետ առաջին շփումին, կարծիք կը ձեւաւորուի արդէն երկրի իրավիճակին մասին:
Թաքսիէն դուրս, փողոցի անկիւնին ենք` վարորդի խօսքերուն տպաւորութեան տակ:
– Մեղք են այս մարդիկը, որ իրենցմով հետաքրքրուող ղեկավարներ չունին: Գոնէ ուղեգինէն շատ աւելին տային,- Սիւզանն է, յայտնօրէն` չափազանց ազդուած իր լսածներէն:
Գործի բերումով երկրէ երկիր յաճախ ճամբորդող Նազարէթին միջամտութիւնը կը մեղմացնէ լսուածներուն ազդեցութիւնը.
– Շատ ալ ականջ մի՛ կախէք. դժուար թէ գտնէք երկիր մը, որուն թաքսիներուն վարորդները դժգոհ չըլլան իրենց ղեկավարներէն, չգանգատին իրենց ապրած կեանքին ու երկրի իրավիճակին համար: Մի՛շտ հաւատացէք ձեր աչքերով տեսածին եւ տեսնուածն ալ սեփական խելքով դատեցէք:
-Օ՜հ, այս թելադրանքդ կը վերակենդանացնէ աւելի քան 1,500 տարուան իմաստութիւն մը: Մեր մատենագիրներէն Ղազար Փարպեցին գրած է արդէն, որ թագաւորը իր աչքերովը պէտք է տեսնէ եւ ականջներովը պէտք է լսէ, ոչ թէ ուրիշի աչքերով տեսնուածը ու ականջներով լսուածը դատէ…
Պատկեր Երկրորդ
Ոտնագնդակի երկու ախոյեան խումբերէն մէկուն կամ միւսին յաղթանակովը խանդավառուելու համար չէ, որ ընդարձակ մարզադաշտը խռնած է բազմահազար մարդերու բազմութիւնը: Այս մարդիկը գտած են արդէն իրենց նոր ախոյեանը եւ ցնծագին բացագանչութիւններով կը տօնեն անոր յաղթանակը: Աշխարհի տարբեր-տարբեր քաղաքներէն Երեւան ժամանած երիտասարդութիւնն է այս մարդոց ախոյեանը եւ կը տօնեն 7-8 հազար հայ երիտասարդներու համախմբուածութեան յաղթանակը` «Համահայկական խաղեր» պիտակին տակ: Հոս են համբուրելի այդ տղաքը, երկսեռ շարքերով , բո՛րբ ու հպա՛րտ կը տողանցեն դաշտին մէջ` ծափողջոյններու տարափի տակ: Յանկարծ բազմութիւնը մէկ մարդու պէս ոտքի` նոր թափ կու տայ իր ծափերուն եւ «կեցցէ»-ներուն, երբ խօսնակը վարակիչ յուզումով բարձրախօսէն կու տայ անուններ Արեւմտեան Հայաստանի նահանգներէն` Սասուն, Տիգրանակերտ, Սեբաստիա… Այո՛, Պոլիսէն ու Հայաստանի արեւմտեան նահանգներէն 700-750 տղաք հոս են, տողանցողներուն մէջ: Ոմանք թրքախօս, բայց` հայօղլու հա՛յ: Ողջո՜յն հարիւրամեակի զարթօնքին…
Ասիկա այն եզակի պահերէն է, երբ սփիւռքահայու սիրտը անպայման «ճը՛զ» մը կ՛ընէ եւ ինքն ալ կը զգայ, որ ազգի մը կը պատկանի:
Հայաստան մեր կեցութեան երկու շաբաթներուն, ամէն երեկոյի առաջին ժամերէն մինչեւ առաւօտեան առաջին ժամերը, նոյն պատկերը կը պարզուի, սակայն` տարբեր տեսքով: Բոլորը հոն են: Հանրապետութեան հրապարակէն Հիւսիսային պողոտայ ու մինչեւ Օփերայի հրապարակ բազմահազարները խանդավառ տրամադրութիւններով խռնուած են ընդարձակ տարածութեան մէջ: Տեղ մը կիթառի, ուրիշ տեղ թմբուկի կամ այլ նուագարաններու ընկերակցութեամբ, երկսեռ խումբեր կազմած` կ՛երգեն ու կը պարեն երիտասարդները: Տարբեր երկիրներէ հաւաքուած այս տղոց նոր ծանօթութիւնները մտերմութեան կը վերածուին երեւանեան գիշերներու այդ կենսուրախ մթնոլորտին մէջ:
Երեւանը կը պոռթկայ, որ ինք մայրաքաղաքն է բոլոր հայերուն:
«Այս գիշերները երբեք պիտի չմոռնան այս տղաքը», կ՛ըսէ Սիւզանը:
«Նաեւ մե՛նք,- կ՛աւելցնէ կինս,- հոգիները միացնող Երեւանի գիշերները հովասուն…»:
Պատկեր Երրորդ
Ծիծեռնակաբերդը ողբերգութեան ու վերածնունդի, իսկ Սարդարապատն ալ յաղթանակի ու հպարտութեան իբրեւ խորհրդանիշներ` իրենց պատկերը դրոշմած են արդէն մեծ ու փոքր ամէն հայու սրտին մէջ:
Սակայն արդար է արձանագրել, որ իր ողբերգութեանը մէջ պատուաբեր իրագործում մըն է Ծիծեռնակաբերդի թանգարանը, ուր ամէն այցելու անպայման հոգեկան ճմլում մը, լուռ պակուցում մը կ՛ունենայ ազդեցութեանը տակ տեղադրուած պատկերներուն, որոնք ներկայ արհեստագիտութեան ամէնէն արդի
հնարքներով աւելի խօսուն ու արտայայտիչ դարձած` կը ներկայացնեն ահաւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան: Ամէն տարիքի հայ թէ օտար ոեւէ այցելու իր տեսածներուն ու կարդացածներուն ծանրութենէն ընկճուած` դուրս կու գայ հոնկէ, բայց անպայման պատգամ մը առած` կը տանի իրեն հետ:
Ծիծեռնակաբերդէն ետք կլիմայական 41-42 ջերմաստիճանով կէսօրուան ժամերուն կը հասնինք Սարդարապատ: Մեր չորսէն զատ ուրիշ մարդ չկայ: Առաւօտէն ոտքի` ճամբաներն ենք: Յոգնութիւնն ու մանաւանդ հեղձուցիչ տաքը սպառած են մեզ: Մեզմէ մէկը «Փա՜ռք Սարդարապատին» կը բացագանչէ: Կիզիչ արեւուն ճառագայթներէն խանձուելով, անխօս ու մտամփոփ յառաջանալով` կը հասնինք թանգարան: Քիչ մը ջուրով ձեռք-երես-գլուխ զովացնելու պէտքը անդիմադրելի է: Ցուցատախտակի մը չգոյութեան` պաշտօնեայ կնոջ կը հարցնեմ լուացարանին տեղը: «Լուացարան չկայ, պարոն»,- կ՛ըլլայ պատասխանը:
– Ինչպէ՞ս թէ չկայ,- կը զայրանամ,- ըսել կ՛ուզես, թէ այս սքանչելիքը, եզակի այս համալիրը մտայղացող հանճարեղ ճարտարապետը չէ՞ նախատեսած լուացարանի մը անհրաժեշտութիւնը: Ամօ՛թ է եւ այս ամօթը պիտի հրապարակեմ մամուլով:
Պաշտօնեան լուրջի կ՛առնէ սպառնալիքս: Քիչ մը գունատած ու շուար` հազիւ լսելի ձայնով կը յայտնէ, որ լուացարան կայ, բայց ինչ կրնայ ընել, տնօրէնը բացարձակապէս արգիլած է անոր գործածութիւնը ու կղպանքի տակ դրած զայն: Ապա անդրադառնալով, որ մեզմէ ուրիշ մարդ չկայ եւ գաղտնիք մը հաղորդելու ձեւով կ՛ըսէ, որ պատրաստ է բացառութիւն մը ընել մեզի, միայն թէ քիչ մը սպասենք, որ երթայ լուացարանի բանալին բերէ ու մեզ առաջնորդէ: Բնականաբար կը մերժենք բացառութիւն կազմել: Սակայն ես կ՛ուզեմ տնօրէնին անունը գիտնալ: Ազնիւ կինը կը տատամսի: Չեմ պնդեր, չ՛արժեր անունը գիտնալ մէկու մը, որ հանրային կառոյցի մը լուացարանը կը վերապահէ ինքնիրեն, սեփական գործածութեան համար: Յամենայն դէպս երեւոյթը այդ տնօրէնին յատուկ չէ միայն: Պաշտօնի չարաչար շահագործման յոռի բարքերը կը յամենան տակաւին հայաստանեան կեանքի այլազան ոլորտներու մէջ…
Կլիմայական միեւնոյն պայմաններու տակ «լուացարան»-ի կապուած պարագայ մը կը կրկնուի նաեւ Օշականի մէջ` «Լուացարան չունինք»: «Ամօթը» հրապարակելու միեւնոյն սպառնալիքով կը բողոքեմ տեղի պատասխանատու հոգեւորականին, որուն հակազդեցութիւնը սակայն բոլորովին տարբեր կ՛ըլլայ:
– Ես շատ պիտի ուրախանամ, եթէ իսկապէս հրապարակէք եւ` մէկէ աւելի անգամներ: Անշուշտ որ լուացարան ունինք, բայց դժբախտաբար ջուրի մատակարարում չունինք: Ստիպուած` հեռու տեղէ ջուր կը կրենք: Քանիցս դիմած եմ պատասխանատուներուն` թէ՛ կրօնական, թէ՛ պետական, բայց անօգուտ: Հրապարակումը թերեւս բան մը փոխէ ու նպաստէ մեզի:
Այս միջադէպերը վերյիշելով` հիմա կը մտածեմ, որ սպառնալիքէս շուարումի մատնուած Սարդարապատի ազնիւ կինը եւ հրապարակումէն «բան մը» յուսացող Օշականի հոգեւոր հովիւը կ՛երեւի չեն գիտեր, որ հայ մամուլի հրապարակումները հազիւ քանի մը հարիւր կարդացող կ՛ունենան (եթէ ունենան), եւ անոնք ալ կարդալէ ետք նոյն օրն իսկ կարդացածնին կը մոռնան:
Պատկեր Չորրորդ
Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին հանդիպեցանք Սամոյին եւ համաձայնեցանք, որ չորս օր մեզի հետ ըլլայ վարորդի պաշտօնով: Կեանքի լաւ ու վատ խաղերու փորձառութիւններով շէն ու զուարթախօս մարդ մը, որուն կինը օտարերկրեայ աշխատանքով հարազատներուն ապրուստը հոգալու համար տարիներ առաջ յաջողած է մեկնիլ Նիւ Եորք եւ հոն է տակաւին` ամուսնին, զաւակներուն ու թոռներուն կարօտովը: Դժխեմ ճակատագիրը Հայաստանի շատ ու շատ ընտանիքներու` վերանկախացումէն ասդին: Նիւ Եորքի մէջ իր վաստկածէն խնայողութիւններ ընելով` կրցած է «Քրայզլեր» մակնիշով 6-7 աթոռով ինքնաշարժ մը ղրկել Սամոյին, որպէսզի վարորդութեամբ զբաղի, դրամ վաստկի, նաեւ ապահովէ իրենց անգործ զաւկի ընտանիքին, թոռներուն ապրուստը: Հարազատէ հարազատ կամ բարեկամէ բարեկամ իրերօգնութեան վեհօրէն մարդկային առաքինութիւն մը, որ հասարակաց դարձած է հայաստանցիներուն համար, եւ որուն շնորհիւն է, որ անցնող 25 տարիներուն անոնք տոկացին ու կը տոկան տակաւին` զոհը չդառնալով մահաբեր անօթութեան:
Սամոյին առաջնորդութեամբ Օշականէն ետք Սաղմոսավանք ենք, ուր զուգադիպաբար ներկայ կ՛ըլլանք կնունքի արարողութեան: Անակնկալ չէ մեզի համար: Ուրիշ տեղեր ալ հանդիպած ենք պսակ-կնունքի: Յայտնօրէն, հնադարեան ու մթագնած վանք-եկեղեցիները վերանորոգելու եւ անոնց նորովի կեանք ու շունչ տալու Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ջանքերն ու մտասեւեռումը փոխանցուած են սերունդին:
Սաղմոսավանքէն վերադարձի ճամբուն վրայ աչքիս կը զարնէ ցուցատախտակ մը` Ուշի: Գիտեմ, որ բարեկամներէս Մարգար Շարապխանեանը իր կնոջ հետ Քանատայէն վերջնականապէս փոխադրուած է Հայաստան եւ իր բնակութիւնը հաստատած` Ուշի: Գիւղը ճամբայ չունի: Փոսիկներով լեցուն հազիւ կածան մը, ուրկէ քալելն իսկ հեշտ չէ: Հարցուփորձէն ի յայտ կու գայ, որ «Պրն. Մարգարը» չճանչցող չկայ: Նախ` իբրեւ բնակավայր այդ գիւղը ընտրած ըլլալուն, ապա նաեւ անոր մշակութային կեդրոնը վերանորոգելու-արդիականացնելու եւ զայն աշխուժացնելու ի գործ դրած իր ճիգերուն շնորհիւ Մարգարը շահած է բոլոր գիւղացիներուն սէրն ու յարգանքը:
Երկյարկանի նորակառոյց մըն է Շարապխանեաններուն բնակարանը, ընդարձակ սրահով եւ նոյնքան ընդարձակ պատշգամներով: Շրջապատը` խնամուած պարտէզ: Տանտէրերուն հիւրընկալ սիրտը` նոյնպէս մեծ ու ջերմ: Զիս կը զարմացնէ Մարգարին աշխատասենեակը: Պարզապէս հաստափոր ու փոքր գրքերու շտեմարան: Վերէն վար չորս պատերուն շարուած գիրքերը կարծէք յորդելով` թափած են աթոռներուն ու գրասեղանին վրան ալ:
– Պռաւօ՛, Մարգա՛ր,- կ՛ըսեմ,- ուսուցչի ամսականէդ կրցած ես այսքան գիրքերու համար գումար տրամադրել: Ուրիշ կարիքներ չունէի՞ր:
– Ասոնք իմ աշխարհս են եւ սնունդս: Այդպէս էր առաջ, այդպէս է հիմա եւս: Ամառը պարտէզով ալ կը զբաղիմ, իսկ ձմեռը ամբողջ օրը հոս եմ, գիրքերուս հետ:- Ու կ՛աւելցնէ.-
Միհրա՛ն, հաւատա՛, երկրի վրայ դրախտս գտած եմ հոս` Ուշիի մէջ: Իսկ շուրջս` սրտբաց ու անկեղծ եւ բարի գիւղացիներ:
Սամոյին խելքին չի պառկիր, ինչ որ կը լսէ: Աղքատիկ գիւղացիներով, մէկ հատիկ իսկ «կարգին» ճամբայ չունեցող Ուշի գիւղ եւ… դրախտ: Չի դիմանար եւ մտքէն անցածը բերնէն դուրս կու տայ.
– Այնպէս կ՛երեւի, որ դուք շատ հանգիստ էք, պրն. Մարգար (ըսել կ՛ուզէ` շատ դրամ ունիք), հիմա որ կենսաթոշակի էք եւ ապագայի խնդիր չունիք, սարքեր էք այս մեծ բնակարանը, սիրտերնիդ կը կամենայ Ուշի կու գաք, Քանատա կը կամենաք` Քանատա էք:
– Հո՛ս նայեցէք, ես երիտասարդ տարիքիս ալ կու գայի, եթէ Հայաստանը անկախ ըլլար,- ցուցամատը կը թափահարէ Մարգար:
Ես կը հաւատամ Մարգարին` անոր սերունդին ջամբուած հայրենասիրական դաստիարակութիւնը քաջ գիտնալով, իսկ Սամոն ականջիս տակ կը մռմռայ. «Անկախութիւնը պրն. Մարգարը Հայաստան բերած է, իսկ իմ կինս Նիւ Եորք տարած…»:
Աւելի քան երկու ժամ պատշգամին` գիւղի զեփիւռը, թարմ պտուղները, համայնապատկերն ու տիկին Շարապխանեանի ջերմ հիւրասիրութիւնը վայելելէ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կենցաղային հաճելի զրոյց մը ունենալէ ետք հրաժեշտ կ՛առնենք վերադարձի մեր ճամբան շարունակելու համար:
Յաջորդող օրերուն, ամէն անգամ որ տարօրինակ երեւոյթներու մասին խօսք ըլլար, Սամոն կը վերադառնար… Ուշի.
– Կեանքում զարմանալու բան չմնաց այլեւս, պրն. Միհրան ջան, երբ մարդ կայ, որ Քանատան թողու, Հայաստան հաստատուի եւ կարգին մի ճամբայ չունեցող աղքատիկ Ուշիի մէջ իր դրախտը գտնի…
Պատկեր Հինգերորդ
Դէպի Արցախ մեր ճամբուն վրայ յաջորդաբար կը հանդիպինք Խոր Վիրապ, Նորավանք, Ջերմուկ եւ ապա գիշերելու համար կանգ կ՛առնենք Զանգեզուրի մայրաքաղաքը` Գորիս: Պողոտայի մը վրայ, խանութներու առջեւ, տեղ-տեղ քանի մը հոգիներով նստած են գորիսեցիներ` ճակատագրէն զարնուածի ընկճուածութեամբ: Առաջին շփումէն, գործազուրկ մնալու բախտին համակերպած լեռնական մարդու հանդարտութեամբ կ՛ըսեն, որ առաջ գործարաններ կային, գէշ-աղէկ կ՛աշխատէին ու կերպով մը «եոլա» կ՛երթային: Տարիներ առաջ փակուած են գործարանները, եւ իրենք այսպէս` «պոշ-պոշ կայներ ենք, չենք գիտեր` ի՛նչ անենք»: Անոնցմէ մէկը. «Լաւ է, որ դուք օտարերկրացի էք, Աթէնքից»: Միւսները գլուխ շարժելով համամիտ են ու կը կրկնեն. «Այո՛, լաւն է, լաւ»: Չեմ հասկնար. այդ «լաւ է»-ն մեր հաշուո՞յն էր, թէ՞ «օտարերկրացիի» նկատմամբ չխոստովանուած նախանձ կ՛արտայայտէր: Թերեւս երկուքը:
Երեւանցին ըմբոստ է: Կռուի ասպարէզ կարդացողի բորբոքումով կը գանգատի իր վիճակէն: Իսկ գորիսեցին մեղմ ու հանդարտ` ստեղծուած կացութեան հետ ներդաշնակուելու բնաւորութիւնը ունի կարծէք: «Չորս կիներս ենք, որ այս մեծ հիւրանոցին բոլոր գործերը կ՛ընենք: Ամէն օր նախաճաշի-ճաշի պատրաստութիւն, սեղանատան դասաւորում, սենեակներու, լուացարաններու, սրահներու մաքրութիւն, լուացք եւ վերջապէս, ինչ որ պէտք է մեծ հիւրանոցի մը համար: Ամէն օր 16-17 ժամ կ՛աշխատինք, առաւօտ կանուխ 6-ին գործ կը բռնենք, մինչեւ երեկոյի ուշ ժամերը եւ մեր այս աշխատանքին դիմաց կը ստանանք միայն երեք հազար դրամ ( 6.50 տոլար): Հաշտուած ենք նաեւ, որ մեր այս գործը եղանակային է. ձմեռ եկաւ, թուրիստ չկայ` կ՛արձակուինք գործէ…»:
Ներքին դառնութեամբ կ՛արտասանուին այս խօսքերը, բայց անոնց շեշտին մէջ ցասում չկայ, ոչ ալ` գութ շարժելու նուազագոյն փորձ: Անոնք սիւնեցի են, իրենց դառնութեան մէջ հպարտ, ինչպէս որ էին իմ հանդիպած անգործ մարդերը:
– Քսանհինգ տարիէ ի վեր պետութիւն կը կառուցենք, բայց այնպէս կ՛երեւի, որ տակաւին չենք ունեցած աշխատանքի համար գործադրելի բարենպաստ օրէնսդրութիւն մը` մեր կառուցածին հիմնական սիւներէն մէկուն` աշխատաւորութեան վերաբերող,- բարձրաձայն կը խորհրդածէ Նազարէթը:
Յաջորդ առաւօտ ճոպանուղի ենք` Տաթե՛ւ: Հիացում եւ վարանում: Իրարմէ բաւական հեռու հաստատուած սլացիկ երեք ձողերու յենարանով եւ միւս ծայրը հազիւ նշմարուող հորիզոնական երկու թելեր շատ բարձրերէն կ՛երթեւեկեն վախազդեցիկ ձորերու ու գագաթաձեւ բարձունքներու վրայէն: Թելերէն կախուած երկու վակոններ, որոնք փոխն ի փոխ մարդեր կը տանին-կը բերեն: Նստի՞լ վակոնին մէջ, թէ՞ ոչ. ահա վարանքս…
Հրաշք լեռներու մէջ մարդու ձեռքով ու խելքով շինուած ուրի՛շ հրաշք մը` այս ճոպանուղին, ձեզի նկարագրածիս պէս հիանալի չէ՞,- Խանդավառ Սիւզանն է, որ երկրորդ անգամն ըլլալով կը գտնուի այս «հրաշք»-ին մէջ: Այո՛, հիանալի է, ո՞վ կրնայ չընդունիլ: Բայց Սամոն իր պատճառը եւ… հակառակը արտայայտելու իւրայատուկ ձեւը ունի.
– Ծայրայեղութիւններու երկիր ենք էլի՛: Օշականը ջուրի մատակարարում չունի, Ուշի գիւղին մէջ մի հատ կարգին ճամբայ չկայ մարդ քայլի, իսկ հոս ահագին փող կու տանք, որ աշխարհի ամէնէն երկար ճոպանուղի սարքենք «Կինես»-ի մէջ գրուինք: Իմ` Սամուէլ անունով ես երեխայ թոռնիկ ունեմ, է՛ս հասակիս ինծի Սամօ կ՛ըսեն, բայց երեխային Սամուէլ կը կանչեն: Մինչդեռ հակառակը պէտք չէ՞ր լինէր: Ծուռ ազգ ենք էլի՛, ծո՛ւռ եղել ենք, ծո՛ւռ էլ պիտի ապրենք:
Ճոպանուղիին վրայ յարափոփոխ ու չբացատրուող զգացումներու խառնուրդ մը կ՛ունենամ: Ձողերու գագաթէն յանկարծակի էջքին` վակոնին հետ սիրտս ալ անարգել ինկողի ցնցումով կը թփռտայ: Մէյ մը կ՛ուզեմ շուտով հասնիլ հանդիպակաց ափը, մէյ մը կը ցանկամ, որ երկարի ուղին, որպէսզի երկար տեւէ չնաշխարհիկ համայնապատկերին տուած վայելքը:
Ահա Տաթեւը` Սիւնեաց լեռներուն փառքը ի՛նք, շալկած վանական համալիր մը, որ դարերուն յաղթած ըլլալու հպարտութեամբ վեհաշուք բազմած` կ՛իշխէ ժամանակին վրայ: Հոս կ՛արժէ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս պարսիկ ու այլազգի բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ հիացումով ու պատկառանքով կը շրջագային համալիրին մէջ:
Ով որ Հայաստանէն Գորիս ու Գորիսէն Արցախ ու Գանձասար ուղեւորութիւնը չէ կատարած, չի կրնար ամբողջութեանը մէջ պատկերացնել վեհութիւնը մեր լեռնաշխարհին եւ անոր դրած դրոշմը` այնտեղ ապրողներու նկարագրին վրայ: Մինչեւ Գորիս ու քիչ անդին կարծէք հսկայ ու տարածուն ցայտաղբիւրներ յանկարծ քարացած են ու լեռ դարձած: Չոր ու ժայռոտ լեռներ, քարեր ու քարեր, բայց նաեւ` քաղաքակրթութիւն:
Արցախի դուռէն` Լաչինէն անդին, ծալքաւոր շարունակութիւնը միեւնոյն լեռներուն, բայց այլեւս քարերու փոխան` ծառախիտ անտառներու կանաչն է բնութեան վրայ տիրապետողը:
Արցախի տարածքին ու Ստեփանակերտի մէջ նկատելին անխռով ապրելակերպն էր տեղի բնակչութեան: Երեկոյեան Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակին վրայ հաւաքուած ժողովուրդ ու բեմին վրայ նուագախումբ մը դասական երաժշտութիւն կը նուագէ: Այո՛, դասական երաժշտութիւն, ինչ որ ենթադրել կու տայ արուեստի մշակուած ճաշակ ու զգացողութիւն` ժողովրդային խաւին մէջ: Ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ Արցախի կացութեան նկատմամբ Երեւանի եւ սփիւռքի հայերուն մէջ շատ աւելի մտահոգութիւն կայ, քան իրենց` արցախցիներուն մէջն է: Անոնք իրենց կեանքը կը կերտեն այնպէս, կարծես գտնուէին բնականոն պայմաններու տակ, առանց դոյզն խուճապի: Օրհնեալ դրոշմը հայոց լեռներուն:
Կը մտաբերեմ նախակրթարանի մէջ ուսուցչիս` Հայկազ Թրթռեանին սորվեցուցած ոտանաւորներէն այս տողերը .
Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ:
Մենք ձեր դէմ ելանք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս ոռնացիք վայրագ:
Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ:
Վերադարձին, օդանաւին մէջ կը մտածեմ, որ Հայաստանը շատ տուեալներ ունի, որպէսզի կարենայ դառնալ մագնիսացնող կեդրոն մը, յատկապէս` Աստուածաշունչին հաւատացող մարդկութեան համար: Ըստ Աստուածաշունչ մատեանին, ջրհեղեղէն ու Նոյի տապանէն ետք մարդկութեան երկրորդ կեանքը վերսկսած է Արարատեան դաշտէն, Ադամի դրախտն ալ տարտամօրէն այդ տեղերը եղած ըլլալ կ՛երեւակայուի: Կանգո՛ւն ու տակաւին գործուն քրիստոնէական ամէնէն հին եկեղեցին է Էջմիածինը: Իր հնադարեան վանքերով բա՛ց, այլեւ պատկառազդո՛ւ թանգարան մըն է երկիրը: Ուս-ուսի տուած, իրար հրմշտկող, այլեւ իրարու նեցուկ լեռներուն ու անոնց ձեւաւորած ձորերուն գեղեցկութիւնը դժուար թէ գտնուի այլ տեղ: Իսկ Երեւանը իր սքանչելի ծառուղիներով, պողոտաներով ու հրապարակներով, լայն-լայն մայթերով ու արձաններով, Հիւսիսային պողոտայով, սրճարանային-ճաշարանային սքանչելի կեդրոններով ու ժամանցի վայրերով եւ իր ապահով միջավայրով, մանաւանդ բարեսէր ու սրտբաց բնակիչներով փնտռուած մայրաքաղաքն է ամէն զբօսաշրջիկի:
Որքան զգալի է այս մարզին մէջ կազմակերպուածութեան եւ համապատասխան քարոզչութեան պակասը, գրեթէ չգոյութիւնը: Հարուստ տուեալներով օժտուած երկիր, որ տակաւին զբօսաշրջութեան (թուրիզմի) նախարարութիւն չունի: Ի՞նչ ըսել:
Սակայն ի՛նչ ալ ըսենք, ի վերջոյ մե՛րն է այս Հայաստանը` անցեալի փառքովը ու ներկայի դժուարութիւններովը: Մե՛րն են անոր յաջողութիւններն ու բացթողումները: Մե՛րն է ազգին պատիւ բերող մատենադարանն ու «կարգին» ճամբայ չունեցող գիւղերը:
Հայաստանը ապագային նայելով եւ հնարաւոր բարեփոխութեանց ու զարգացման ուղիին մէջ` իր նոր կեանքը կերտելու համար կը մաքառի:
Վա՜յ մեզի, եթէ երեւանցիին ցասումը չքանայ: Վա՜յ մեզի, եթէ սիւնեցիին հպարտութիւնը նսեմանայ:
«Գօտիները կապեցէ՛ք, օդանաւը էջքի կը պատրաստուի», կը լսուի բարձրախօսէն …
Խնդրե՛մ, ներողամիտ եղիր, ընթերցո՛ղ: Աւելի վեր խոստացած էի թապլեթային արագ պատկերներ տալ, բայց երկարեցաւ: Թերեւս ռոմանթիկ սփիւռքահայը արթնցաւ մէջս: Բայց հաստատ դարձաւ, որ մեր ժամանակի անգրագէտներէն եմ, այֆոնի-թապլեթի սերունդին չեմ պատկանիր:
Այնպէս չէ՞…