Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ շաբաթ, 3 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ արուեստագէտ, հրապարակագիր եւ բանաստեղծ Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան` ներկայացնելով «Տիգրան Մեծ» մենաթատրոնը: Մարի Ռոզ Աբուսեֆեան, որ հեղինակն ու բեմադրիչն է «Տիգրան Մեծ» թատերգութեան, հիմնուած է Պերճ Զէյթունցեանի «Աստուծոյ 12 օրը» թատրոնին, հայոց պատմութեան եւ իր խոհերուն ու վերլուծումներուն վրայ:
Հանրաճանաչ արուեստագէտը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` յայտնելով իր ուրախութիւնը եւ ջերմ շնորհակալութիւնը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ապա ինչ կը վերաբերի «Տիգրան Մեծ» ներկայացման ըսաւ, թէ ինչպէս այսօր, անցեալին ալ այս նոյն շրջանը գտնուելով պատերազմի մէջ դիմած է Տիգրան Մեծի օգնութեան, որ շուտով յաջողած է ազատագրել տարածքները եւ իր իշխանութիւնը հաստատել անոնց վրայ, ապա աւելցուց. «Ճիշդ է Տիգրան Մեծ չկայ այլեւս, որ շրջանը դուրս բերէ այս բարդ վիճակէն, բայց կայ Տիգրանի շառաւիղ հայութիւնը»: Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան դիտել տուաւ, թէ ինչպիսի՜ հայրենասիրութեամբ ու հայրենապաշտութեամբ տոգորուած էր Տիգրան Մեծ: Ապա աւելցուց, որ Տիգրան Մեծի մասին այսօր քիչ տեղեկութիւններ հասած են մեզի եւ աւելի շատ օտար աղբիւրներու վկայութիւններ են անոնք, որովհետեւ քրիստոնէութեան մուտքէն ետք հեթանոսական շրջանին վերաբերող գրեթէ ամէն բան ոչնչացուած է: Ապուսեֆեան ըսաւ. «Ապրելով Միացեալ նահանգներու մէջ անկարելի է չմտածել քաղաքական հզօրութեան մասին, հետեւաբար` «Տիգրան Մեծ» թատերգութեան մէջ հիմնուած եմ առաւելաբար քաղաքական հզօրութեան գաղափարին վրայ»:
Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան յաջողութեամբ մարմնաւորեց պատմական 14 կերպարներ, ինչպէս` Տիգրան Մեծ, Միհրդատ Եւպատոր, Միհրդատի դուստրը` Քլէոփաթրա, Ծաղրածու, Քրմապետ, գրագիր, Լուկուլլոս, Կլաւտիոս, Տիգրան Մեծի որդիները` Զարեհ, Տիգրան եւ Արտաւազդ, Սօսի, Պոնտոսի պատուիրակ, Պատմիչ:
Ներկայացման առաջին իսկ պահէն կարելի չէր չնկատել զգացումներու այն հեղեղը, որ կը տարածուէր բեմէն ու կը լեցուէր հանդիսատեսին, հոգիին ու մտքին մէջ: Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան իր դէմքով, ձայնով ու խօսքով ոչ միայն գերեց հանդիսատեսը, այլ նաեւ ձուլեց զայն իր մարմնաւորած բոլոր կերպարներուն մէջ: Ներկաները մերթ ոգեւորուած, մերթ վիրաւոր ու ըմբոստ, աւելի քան երկու ժամ ապրեցան հայ ժողովուրդի ամէնէն արկածախնդրական ժամանակաշրջաններէն մէկը, ուր տիրողն էր ուժը, ուր կար ուժի պաշտամունքը ամէն բանէ աւելի:
Քաղաքական բնոյթ ունեցող այս մենաթատրոնին ընթացքին արտասանուած բոլոր խօսքերը պարզութեամբ կարելի էր համատեղել իրականութեան հետ:
Ազդու էր եւ ոգեւորիչ արքայից արքայ Տիգրան Մեծի կերպարը, որ դարերու խորերէն կարծես կը պատգամէր հզօրանալու, մայր հողին կառչելու եւ հայրենիքը ամէն գնով պահելու հրամայականը: Մարի Ռոզ Ապուսեֆեանի առաջ քշած գաղափարներէն էր նաեւ այն, որ երկիրը իշխողներուն չի պատկանիր, այլ միայն սերունդներուն:
Ներկայացման աւարտին հանդիսատեսը ոտքի դիմաւորեց մեծ արուեստագէտ Մարի Ռոզ Ապուսեֆեանը եւ ծափողջոյններով իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց անոր` պատմական իրականութիւններու եւ գաղափարներու հիանալի եւ այժմէական շունչը վերարտադրող ներկայացման համար: