ՌՈՒՍԻԱ ՎՐԱՍՏԱՆԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՕՍԵԹԻԱ ՆԵՐԽՈՒԺԵԼԷ
By adminx - Wed Aug 24, 6:37 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
Ռուսիա երէկ Վրաստանը զգուշացուց Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութեան 3-րդ տարեդարձին առիթով «Խաղաղութեան երթ»ի պատրուակով Հարաւային Օսեթիա ներխուժելէ:
26 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ «Խաղաղութեան երթ»ը, որուն ընթացքին երեք հազար անձեր վրացական Օձինի գիւղէն երթով պիտի հասնին Հարաւային Օսեթիոյ սահման: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ բաժանմունքը նախազգուշացուց, որ Վրաստանի իշխանութիւնները Հարաւային Օսեթիոյ սահմանին վրայ լայնածաւալ սադրանք կը նախապատրաստեն:
Ռուսիա զգուշացուց այդպիսի երթ կատարելէ` յայտնելով, որ «այս դէպքին դիպաշարը գաղթականները իրենց բնակարանները վերադարձնելու պիտակին տակ Հարաւային Օսեթիա ապօրինի ներխուժումի փորձ մը կը պարունակէ»:
Ռուսիոյ մէջ գոյութիւն ունի այն կարծիքը, որ երթը «այնքան ալ խաղաղ» պիտի չըլլայ: Ռուսիոյ իշխանութիւններուն համաձայն, այդ նպատակով Հարաւային Օսեթիայէն հեռացած մարդոց շրջանակին մէջ ճնշումներու եւ սպառնալիքներու միջոցով գործողութեան մասնակցելու համար վրացիներ, ինչպէս նաեւ չեչեններ կը հաւաքուին:
Մոսկուա կը զգուշացնէ Թիֆլիսը «շրջանին մէջ նոր արկածախնդրութենէ մը»:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print



