ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Նախաբան
Ուժանիւթը բոլոր ժամանակներու քաղաքակրթութիւններու զարգացման եւ յառաջդիմութեան համար կարեւորագոյն գործօններէն մէկն է: Հոսող ջուրի օգտագործումը, որպէս մղիչ ուժ, բնութեան շնորհած կարեւորագոյն բնական ուժանիւթերէն է` արեւային ջերմուժի, հովի, ստորերկրեայ ջերմուժի եւ կենսաբանական ուժանիւթի կողքին: Սկսելով հին դարերու ոռոգումի համար օգտագործուող ջրանիւներէն, ցորեն աղալու ջրաղացներէն մինչեւ աւելի արդի ժամանակներու ջրելեկտրակայանները:
Պատերազմները անպակաս են ուժանիւթի տիրանալու ուժանիւթի բաշխումին տիրանալու, եւ արգելք հանդիսանալու, որ երկիրներ եւ ժողովուրդներ ուժանիւթի անկախ միջոցներ ունենան, ինքնաբաւ դառնան, վկա՛յ Իրանի հիւլէական ելեկտրակայաններու երկարատեւ հարցը, եւ քարիւղով ու բնական կազով հարուստ Միջին Արեւելքի անհատնում պատերազմները:
Հայաստանը, ջուրով հարուստ, 1935 թուականէն արդէն սկսած է օգտագործել ջրելեկտրակայաններ, որոնք ներկայիս կարողականութիւնը ունին երկրին ելեկտրականութեան հոսանքի շուրջ 40 առ հարիւրը մատակարարելու` հիմնուելով անձրեւի քանակին եւ կազմածներու, սարքաւորումներու հոգատարութեան, խնամքին ու պահպանութեան: Հայաստանը ճարտարագիտական պատմական շատ մեծ փորձառութիւն ունի ջրելեկտրակայաններու շինարարութեան եւ սարքաւորման մարզերուն մէջ, վկա՛յ ափրիկեան երկիրներու մէջ կատարած իր ներդրումը, ինչպիսին է Եգիպտոսի Ասուան ամբարտակի հսկայական ջրելեկտրակայանը:
Ջրային պաշարներու ջրամբարներու միջոցով ուժանիւթի արտադրութիւնը կը համարուի վերանորոգելի ուժանիւթ քանի որ բնութիւնը բնական կարգով, առանց ծախսի, ձրիօրէն կը վերանորոգէ սպառող ջուրի քանակը (Հայաստանի մէջ կ՛օգտագործուի վերականգնուող էներգետիկա եզրը):
Ահազանգ 1
Ներկայիս Հայաստանի մեծագոյն եւ կարեւորագոյն ջրելեկտրակայանները` Սեւանը եւ Որոտանը, կ՛ըսուի, թէ կարիքը ունին արդիականացումի, որպէսզի արդիական սարքաւորումներով աւելի ելեկտրականութիւն արտադրեն, ներկայի 40 առ հարիւրէն աւելի: Շատ տրամաբանական առաջադրանք է այս, սակայն ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս այս նպատակով Որոտանի ջրելեկտրակայանը վերջերս վաճառուած է ամերիկեան «Քոնթուր կլոպըլ» ընկերութեան: Միայն մեր ազգային հարստութիւնները վաճառելո՞վ պիտի բարելաւենք ազգին սեփականութիւնները: Այսպիսի գէշ փորձառութեան մը ականատես եղանք, երբ Նաիրիտ գործարանը ծախուեցաւ, եւ գնողը որոշեց փակել զայն եւ չաշխատիլ: Ինչո՞ւ մեր օձիքը յանձնենք օտարին:
Դժբախտ նախընթացները բազմաթիւ են վերանկախացումէն ետք ուժանիւթի եւ ճարտարարուեստի մարզի ազգային անվտանգութեան դէմ կատարուած անխոհեմ եւ անհեռատես որոշումներուն: Ենթադրենք, որ այս ընկերութիւնը լաւագոյնս եւ ժամանակէն առաջ կատարեց նորոգութիւնները, ի՞նչ է իր շահը, առանց սակագինի բարձրացումի պիտի կարենա՞յ տոկալ, թէ՞ ուզած պահուն սակը բարձրացնէ կամ փակէ կայանը: Իսկ եթէ ինք պիտի կարենայ նորոգել եւ շահ ապահովել, ինչո՞ւ մենք չենք կրնար նոյնը ընել: Ինչո՞ւ օրէ օր օտարին կը յանձնենք մեր սեփական հարստութիւնները: Ինչո՞ւ կախեալ պէտք է ըլլանք օտարէն, մանաւանդ` մեր հողին վրայ եւ մեր ջուրին օգտագործումին համար:
Ահազանգ 2
23 սեպտեմբեր 2015-ին հեռատեսիլի Հ1 կայանէն ժամը 20:00-ի լուրերու ընթացքին լսեցինք նախագահ Սերժ Սարգիսեանին պատկերասփռուած զրոյցը Գեղարքունիքի մարզպետարանին մէջ, մարզպետին եւ պատասխանատուներուն հետ: Այլ նիւթերու կողքին, անդրադառնալով փոքր ջրելեկտրակայաններու (ՓՀԷԿ փոքր հիտրօ էլէկտրիկ կայան) մասին` (panorama.am 24 սեպտեմբեր 2015) կը գրէ, մէջբերելով մեր լսածը` նախագահին խօսքը. «Այնտեղ միայն ձկնային պաշարների լուծման խնդիր չէ: Այնտեղ մենք զուգահեռ պիտի լուծենք նաեւ էկոլոգիական հաւասարակշռութեան վերականգնման խնդիրներ: Կոնկրետ Սեւան լցուող գետերն աստիճանաբար պէտք է ազատենք վերջին 15-20 տարիների այն կառոյցներից, որոնք, միգուցէ, ինչ-որ չափով տնտեսական արդիւնք են տալիս, բայց խաթարում են բնականոն զարգացումը: Օրինակ, ձկների ձուադրավայր հանդիսացող գետերի վրայ փոքր ծաւալի հիդրոկայաններ, որոնք չգիտեմ որքանո՞վ են օգուտ բերում սեփականատէրերին, բայց չեմ կարծում, որ Սեւանի համար օգտակար են: Խնդիրը պէտք է լուծել մարդկանց հետ խօսելով, պայմանաւորուելով եւ հիմնադրամի միջոցով նրանցից ուղղակի ետ գնելով ու ապամոնտաժելով»:
Ըստ երեւոյթին, պարոն նախագահը իր այս զրոյցին մէջ որեւէ առիթ չի տար այս կապակցութեամբ ուսումնասիրութիւն կատարելու, եւ արդէն հեռատեսիլի եթերով բոլորիս վկայութեամբ, յստակ է, որ ինքը որոշում է, որ կը փոխանցէ մարզպետարանին: Կը փափաքիմ եւ կը յուսամ, որ կը սխալիմ: Յոյսով եմ նաեւ, որ ստորեւ տրուած վիճակագրական տեղեկութիւնները նկատի կ՛առնուին` յետս կոչելու նման որոշում:
Թիւերով տեսնենք, թէ ի՞նչ է ուժանիւթային, տնտեսական եւ գործազրկումի տարողութիւնը այս որոշումին: Այն սարքաւորումները, որոնք պէտք է «ապամոնտաժուին»` քակուին, վերցուին, ի՞նչ գործնական եւ նիւթական խնդիրներ կ՛ենթադրէ` հիմնուելով Հայաստանի վերականգնուող էներգետիկայի եւ էներգախնայողութեան հիմնադրամի պատրաստած ցուցակի տուեալներուն վրայ` «Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի ճշդուած եւ նորացուած ՓՀԷԿ-երի տնտեսական ցուցանիշները», ստորեւ տեսնել ցուցակին պատճէնը:
Այս որոշումը, բնապահպանման նկատառումներով` (պատրուակո՞վ) պիտի չքացնէ 11 փոքր ջրելեկտրակայաններ, որոնք միասնաբար ներկայիս կ՛արտադրեն 9689 քիլօվաթ (թիւ 3 սիւնակի գումարը) եւ 43.27 միլիոն քիլօվաթ ժամ (թիւ 4 սիւնակի գումարը) ուժանիւթ, որոնց սարքաւորումը արժած է 9 միլիառ 632 միլիոն եւ 700 հազար տոլար (թիւ 7 սիւնակի գումարը): Իմ հաշուովս, այս ուժանիւթը ներկայիս կրնայ բաւարարել նուազագոյնը 3000 միջին չափի բնակարանի կարիքը:
Այլ խօսքով, առանց մանրակրկիտ գիտական ուսումնասիրութիւն կատարելու եւ պարզ թուաբանութեամբ, պետութիւնը 9 միլիառ 632 միլիոն եւ 700 հազար տոլար պիտի հատուցէ, վերադարձնէ այս ջրելեկտրակայաններու տէրերուն, եւ 43.27 միլիոն քիլօվաթ ժամ ուժանիւթ պիտի բեռցնէ ելեկտրականութեան մնացեալ ցանցին վրայ, ուժանիւթի տագնապի այս ճգնաժամային օրերուն եւ անգործութեան պիտի մատնէ այս ՓՀԷԿ –ներուն մէջ աշխատողները: Իսկ եթէ օրէնքով սահմանուած «ձկնանցարաններ»-ը չեն ապահովուած, ուրեմն թող այդ ուղղութեամբ աշխատանք տարուի, «ձկնանցարաններ» շինուին` օգտագործելով այն հիմնադրամը, որուն ակնարկեց պարոն նախագահը եւ այս ձեւով իր մտահոգութիւնը կը փարատի:
Հայաստանի Վերականգնուող էներգետիկայի եւ էներգախնայողութեան հիմնադրամի տնօրէն Թամարա Բաբայեան 29 յուլիս 2015-ին հեռատեսիլի նոյն Հ1 կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, թէ փոքր ջրելեկտրակայանները (ՓՀԷԿ կամ ՀԷԿ) այսօր 8-21 դրամով շահը ներառեալ, կը վաճառեն մէկ քիլօվաթ ժամ ելեկտրականութիւնը, մինչ պետական սակը 42 դրամ է եւ այսօր ենթակայ է բարձրացումի, 49 դրամի: Գեղարքունիքի ՓՀԷԿ-ներու պարագային, մէկ քիլօվաթ ժամ ելեկտրականութեան արտադրութիւնը կ՛արժէ ամենաքիչը 0.9 սենթ կամ 4.32 դրամ, իսկ ամենասուղը` 3 սենթ կամ 14.4 դրամ (թիւ 11 սիւնակ):
Ինչպէ՞ս կարելի է չզարմանալ այսպիսի անհաւատալի որոշումի մը մասին, որ ո՛չ տնտեսական հաշուով, ո՛չ գիտական հիմնաւորումով եւ ո՛չ ալ ուժանիւթի ազգային անվտանգութեան նկատառումներով արդարանալի է: Հայաստանը կարիքը ունի յաւելեալ փոքր ջրելեկտրակայաններու (small hydro) եւ մանր ջրելեկտրակայաններու (micro hydro), որոնք կարելի է օգտագործել անհատներու կողմէ իրենց բնակարանին համար: Ըստ ուսումնասիրութեան, Հայաստանը կարողականութիւնը ունի ՓՀԷԿ-ներու միջոցով իր ելեկտրականութեան կարիքներուն շուրջ 5 առ հարիւրը ապահովելու: Պէտք է պահենք մեր բոլոր մեծ ու փոքր ջրելեկտրակայանները, յարատեւ բարելաւենք կենսոլորտային եւ բնապահպանման խնդիրները, եթէ կան, եւ կառուցենք նոր ջրելեկտրակայաններ, օրինակ` Մեղրիինը, եւ օգտագործենք վերանորոգելի այլ ուժանիւթեր եւս` արեւային, հովի, երկրաջերմային եւ այլն, նպատակ ունենալով ուժանիւթի ինքնաբաւ համակարգ:
Արեւային Ջերմուժ
24 սեպտեմբեր 2015