«Դէպի Երկիր» կարգախօսին հանդէպ խոր հաւատք տածելով` ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը այս տարի, յաջորդաբար 11-րդ տարին ըլլալով, կազմակերպեց եւ իրականացուց գործուղում մը Հայաստանի Կոտայք եւ Արցախի Քաշաթաղ մարզերուն մէջ, նշանաբան ունենալով` «Քաշաթաղը իմ տունն է» եւ «Կոտայքը իմ տունն է»: ԶՈՄ-ական 14 ընկերներ հայրենի հողին վրայ գործելու եւ ծառայելու, հայ պատանիին հետ ապրելու ու անոր նեցուկ կանգնելու եւ մանաւանդ հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման նպատակով ուղղուեցան հայրենիք:
Այս տարուան աշխատանքներուն մասին մօտէն տեղեկանալու միտումով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ գործուղուողներէն Արա Գասապեանին, Լիզա Պարտագճեանին, Մարինա Քասիսին, Նարօտ Խտրլարեանին եւ Ռիթա Պարոնեանին հետ:
Կազմակերպուած ճամբարներուն նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին հարցնելով` Արա Գասապեան պատասխանեց. «Աշխատանքները ընթացան երկու հանգրուանով: «Դէպի Երկիր» յանձնախումբին փորձառու ու նորեկ ընկերները ամբողջ տարի մը իրենց գումարած ժողովներուն ընթացքին պատրաստեցին գործուղման դաստիարակչական ծրագիրը: Փորձառու ընկերները բաւական օգտակար դարձան: Վերջին երկու ամսուան ընթացքին գործուղուող ընկերներն ալ միացան յանձնախումբին, ծանօթացան աշխատանքի բնոյթին, ստանձնեցին իրենց գործերը եւ այսպէս երկու ամիս առաջ զգացին, որ գործուղումի նախապատրաստական աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած են արդէն: Նախապատրաստական աշխատանքներու երկրորդ հանգրուանը տեղի ունեցաւ Կոտայք եւ Քաշաթաղ մարզերուն մէջ: Ընկ. Յարութ Պոյաճեան Հայաստան գտնուելով` այցելեց Չարենցաւան ու Գառնի շրջանները եւ գործուղուող ընկերներու կեցութեան, ճամբարի մասնակցող պատանիներու արձանագրութիւններուն եւ այլ մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ հարկ եղած դասաւորումները կատարեց: Իսկ Արցախի պարագային գործուղումը այս տարի պիտի ընդգրկէր Քաշաթաղի հարաւը գնուող Միջնաւան շրջանը, բայց որոշ դժուարութիւններու բերումով կարելի չեղաւ այնտեղ իրականացնել ճամբարը, եւ փոխարէնը որոշուեցաւ գործուղուիլ Կովսական»:
Պատասխանելով մեր հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կարելի եղաւ գործուղման նիւթական ծախսերը հայթայթել` Արա Գասապեան ըսաւ, թէ գործուղումին նուիրուած է ԶՈՄ-ի տարեկան պարահանդէսին հաւաքուած հասոյթը, որուն աւելցած է ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի յատկացումը, նախկին գործուղուողներու նուիրատուութիւնները, ԶՈՄ-ի բարեկամներուն նուիրատուութիւնը` թէ՛ նիւթական, թէ՛ գրենական ու պիտանի իրեր:
Խօսելով գործուղման դաստիարակչական ծրագրին մասին` Ռիթա Պարոնեան ըսաւ. «Գործուղման համար պատրաստուած գիրքը կը բաղկանար տարբեր բաժիններէ, ինչպէս` ՀՅԴ պատմութիւն, յեղափոխական դէպքեր, պատմուածքներ, Արցախի ազատագրական պայքար, կենցաղավարական, ընկերային, առողջապահական գիտելիքներ եւ այլն: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ ազգային յեղափոխական երգերու ուսուցում, տեսերիզներ, ազգագրական պարեր, ձեռային աշխատանքներ: Գործուղուելէն առաջ լաւապէս սերտեցինք ծրագիրը եւ բաժնուեցանք պարտականութիւնները»: Իսկ Արա Գասապեան աւելցուց` ըսելով, թէ գործուղման ծրագրին համար պատրաստուած գիրքը միայն ԶՈՄ-ը չէ, որ կը գործածէ, այլ` աշխարհի բոլոր անկիւններէն գործուղուողներ` Հայաստանի կամ Արցախի մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով, միացեալ այդ գիրքը կը գործածեն, որ դաստիարակչական ընդհանուր ծրագրի մը համադրումն է:
Խօսելով գործուղման ընդգրկած տարածքներուն, մասնակցող պատասխանատու ընկերներուն, խումբերուն, պատանիներու թիւին մասին` Ռիթա Պարոնեան ըսաւ. «Լիբանանէն 14 ընկերներով գործուղուեցանք Հայաստան` 4 ընկեր` Չարենցաւան, 5 ընկեր ալ` Գառնի, իսկ մեզմէ 5 ընկերներ մեկնեցան Արցախ: Գործուղումը տեւեց 14 օր` 20 յուլիսէն մինչեւ օգոստոս 1: Մեզի օգտակար դարձան հինգ ՀԵՄ-ականներ, որոնցմէ երկուքը Գառնիի մէջ տարած էին նախապատրաստական աշխատանք. անոնք հաւաքելով պատանիները` տեղեակ պահած էին գործուղման ծրագրին մասին: Մենք երբ Գառնի հասանք, տեսանք, որ 40 պատանիներ մեզի կը սպասեն. քանի մը օրէն թիւը բարձրացաւ 210-ի: Մինչեւ վերջին օրը տակաւին պատանիներ կը միանային ճամբարին: Տարինք շատ լաւ աշխատանք, որուն արդիւնքը սկսանք տեսնել ճամբարի վերջին օրերուն»:
Իսկ Նարօտ Խտրլարեան ըսաւ. «Չարենցաւանի մէջ երկրորդ տարին էր, որ գործուղում տեղի կ’ունենար: Երեք ՀԵՄ-ական ընկերուհիներ բաւական օգտակար դարձան: Շրջանի կոմիտէն արդէն պատրաստած էր ճամբարին մասնակցող պատանիներուն ցանկը: Չարենցաւանի ճամբարին մասնակցեցան 150 պատանիներ, որոնք բաժնեցինք երեք խումբերու` 9-10, 10-12, 12-16 տարեկան: Արցախի ճամբարին վերաբերեալ ալ Մարինա Քասիս ըսաւ. «Արցախի գործուղումը սկզբունքով Միջնաւան տեղի պիտի ունենար, բայց ստիպուած` փոխադրուեցանք Կովսական, եւ այս փոփոխութեան պատճառով աւելի ուշ` 23 յուլիսին, սկսանք ծրագրի գործադրութեան: Ճամբարը սկսանք 30 հոգիով, բայց վերջին օրը ունէինք շուրջ 105 պատանիներ: Արցախէն օգնական ընկերներ չմիացան մեզի»:
Արա Գասապեան աւելցուց` ըսելով. «Հայաստանի ճամբարները քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան, իսկ Արցախի պարագային ճամբարը Կովսական գիւղի Թաթուլ Կրպէեան դպրոցին մէջ իրականացաւ: ԶՈՄ-ի միջոցներով եւ ջանքերով գիւղի փոխադրակառքը նորոգուեցաւ ու սկսաւ Միջնաւանէն, Մուշէն, Ալաշկերտէն ու Վանէն պատանիներ Կովսական բերել` մասնակցելու ճամբարին, որ կը սկսէր առաւօտեան ժամը 10:00-ին եւ կը տեւէր մինչեւ ժամը 4:00»:
Ճամբարներուն օրակարգին, առօրեայ աշխատանքներուն, պատանիներուն վրայ ծրագրի ազդեցութեան, ստեղծուած մթնոլորտին մասին խօսելով` Ռիթա Պարոնեան ըսաւ. «Գառնիի մէջ առաջին անգամ ըլլալով գործուղում տեղի կ՛ունենար: Նախ պատանիները բաժնեցինք երեք խումբերու` Լիզպոն 5, Մհեր Ջուլհաճեան, Պետօ: Օրուան յայտագիրը կը սկսէր առտու ժամը 9:00-ին մարզանքով, որմէ ետք իւրաքանչիւրս իր խումբը կը ստանձնէր եւ կը ներկայացնէր դէպք մը կամ դէմք մը` տեսերիզի կամ շարժապատկերի մը ուղեցութեամբ, ապա ձեռային աշխատանքներ կը կատարէինք, գծագրութիւն եւ այլն: Բոլորը անխտիր ոգեւորուած էին ու մեծապէս ազդուած` ՀՅԴ պատմութեամբ: Գառնիի պատանիները շատ տաղանդաւոր էին: Խանդավառութեամբ կը մասնակցէին երգերուն ու ծրագրի բոլոր բաժիններուն: Ճաշի օրակարգէն ետք կը մատուցէինք թեթեւ նիւթեր` պար, երգ, խաղ: «Մարաթուկ» համոյթի անդամներէն մին շաբաթը երկու օր պար կը սորվեցնէր պատանիներուն: Հանդէսին պատանիները իրենց սորված պարերը բեմականացուցին: Հետաքրքական էր մեր կազմակերպած մարզական օրը»: Ռիթա Պարոնեան պատմեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս իրենց կազմակերպած «Տաղանդի երեկոյ» մրցոյթին 210 պատանիներէն մասնակցեցան 50 պատանիներ` ներկայացնելով պար, երգ եւ ասմունք: Յաղթող պատանիները այցելեցին Եռաբլուր եւ Արթուր Ղարիբեանի տուն-թանգարանը:
Նարօտ Խտրլարեան նշեց Չարենցաւանի խումբերը` Մուշ, Վան, Արտահան, իսկ Մարինա Քասիս Արցախի ճամբարին խումբերը` Կարօտ Մկրտչեան, Պետօ Ղեւոնդեան, Հրաչ Մուրատեան:
Լիզա Պարտագճեան, որ առաջին անգամ կը մասնակցէր գործուղման, ըսաւ. «Կովսականի մէջ 4-րդ անգամն էր, որ ճամբար տեղի կ՛ունենար: Պատանիները, որոնք նախապէս մասնակցած էին ճամբարի, կը վերյիշէին նախորդ տարիներուն ստացած գիտելիքները եւ կը վերարտադրէին զայն: Կային փոքրիկներ, որոնց տարիքը չէր ներեր մասնակցելու, բայց անոնք ծածուկ կը պահէին իրենց բուն տարիքը եւ ամէն գնով կը համոզէին մեզ, որպէսզի արտօնուի իրենց մասնակցելու ճամբարին: Կրտսերներուն համար յայտագիրը կ՛ընդգրկէր աւելի շատ կենցաղային եւ առողջապահական գիտելիքներ, խաղեր, հաճելի ժամանց, մանկական ժապաւէններու ցուցադրութիւն, երգի ուսուցում եւ այլն: Օգտագործեցինք նաեւ համացանցը: Աշխատեցանք մեր համեստ հնարաւորութիւններով ուրախ ժամանակ անցընել պատանիներուն հետ` զիրենք լսելով, սորվեցնելով, խաղցնելով, մարզանք ընելով, հիւրասիրելով… մէկ խօսքով, մեր բոլոր կարելիութիւններով աշխատեցանք ճոխ մթնոլորտ ստեղծել»: Իսկ Մարինա Քասիս աւելցուց. «Իմ կարծիքով, ճամբարը յաջող ընթացաւ` հակառակ դժուարութիւններուն, որոնք պարզապէս կենցաղային առարկաներու անբաւարարութեան պատճառով էին եւ փոխադրակառքերու ապահովման դժուարութիւնը` Արցախի պարագային: Մինչեւ վերջին օր նորեկ պատանիներ կու գային ճամբարին»:
Ճամբարականներու ծնողներուն հետ գործուղուող ընկերներուն ունեցած յարաբերութեանց մասին խօսելով` Ռիթա Պարոնեան նկատել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Գառնիի մէջ ճամբարի առաջին օրերուն պատանիներուն ծնողները հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին իրենց աշխատանքին: Իսկ վերջին օրուան` հանդէսին մասին ան ըսաւ. «Ծնողներ շնորհակալ եղան մեզի` տեսնելով իրենց զաւակներուն անսահման խանդավառութիւնը եւ ոգեւորուածութիւնը: Պատանիները ուրախ էին մեր ներկայութեամբ: Օրուան յայտագիրէն ետք պատանիներ չէին ուզեր հեռանալ մեզմէ»:
Լիզա Պարտագճեան ըսաւ. «Կովսականի պարագային շատ շփում չունեցանք ծնողներուն հետ: Նկատի ունենալով ամառնային շրջանին գիւղական միջավայրի զբաղուածութիւնը դաշտային աշխատանքներով»: Արա Գասապեան աւելցուց. «Ճամբարի յայտագրի ժամերէն դուրս սովորութիւն դարձած է այցելել ճամբարականներու ընտանիքներուն: 15 օրուան ընթացքին հրաւիրուեցանք քանի մը պատանիի տուն: Ընտանիքները անսահման հիւրասէր էին, «Պատուել գիտէ միշտ իր հիւրին» երգին բառերը շատ ճիշդ ըսուած է արցախցիին համար: Ծնողները երախտապարտ էին. շատ լաւ կը գիտակցէին, թէ մենք ի՜նչ զոհողութեամբ հասած ենք տուեալ վայրը ու իրենց զաւակներուն բաներ կը սորվեցնենք, մթնոլորտ կը ստեղծենք»:
Գործուղումի աւարտին սովորութիւն դարձած է գործուղուող խումբի ընկերներուն նահատակ ազատամարտիկի մը ընտանիքին այցելել, այս մասին Նարօտ Խտրլարեան ըսաւ. «Գործուղուողներս այս տարի այցելեցինք Արթուր Ղարիբեանի տուն-թանգարանը: Մեզի ընկերակցեցան նաեւ Գառնիի «Տաղանդի երեկոյ»-ին յաղթող պատանիները: Նահատակ ազատամարտիկին մայրը մեզ դիմաւորեց, պատմեց իր որդիին ու անոր նահատակութեան մասին: Հանդիպում մը ունեցանք նաեւ նահատակ ազատամարտիկ Շահէն Մեղրեանի եղբօր ու հօր հետ»:
ԶՈՄ-ականներու տպաւորութիւններուն անդրադառնալով` Ռիթա Պարոնեան ըսաւ. «Լսած էինք ու մեր աչքով տեսանք, որ տնտեսական ու կենցաղային պայմանները այնքան ալ բարեկեցիկ չեն Հայաստանի մէջ, բայց ուղղակի զարմացանք` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս համեստ պայմաններու մէջ բոլոր պատանիները ուրախ կ՛ապրին, աշխուժ ու կայտառ են ու մանաւանդ ինքնաբաւ` իրենց ունեցածով: Փաստօրէն սքանչացած ենք պատանիներով: Որքան յուզուած, նոյնքան ալ հիացած ենք անոնցմով: Իսկ Արա Գասապեան ըսաւ. «Քաշաթաղի պարագային պատանիները ունին սահմանափակ հնարաւորութիւններ: Անոնք իրենց ժամանակը կամ տան մէջ պիտի անցընեն եւ կամ դպրոցը: Ամրան արձակուրդին իրենք մասնաւոր ընելիք մը չունին: Հետեւաբար մեր կազմակերպած ճամբարը ամառուան արձակուրդին զիրենք 15 օրով դուրս կը բերէ իրենց առօրեայէն` ստեղծելով ճոխ ու հարազատ մթնոլորտ»:
Պատասխանելով մեր հարցին, թէ գործուղումները որքանո՞վ կ՛ազդեն Հայաստանի դաշնակցական կառոյցին վրայ իբրեւ քարոզչութիւն, որքա՞ն ճիշդ պատկերացում կը ստեղծեն, Արա Գասապեան ըսաւ. «Գործուղումները երկուստեք ազդեցութիւն կը ձգեն: Մեր տարած աշխատանքը քաղաքական գետնի վրայ այդքան ալ ազդեցութիւն չունի: Պատանիները մեզ ու մեր տարած աշխատանքը կը յիշեն ու կ՛ուրախանան, բայց ընտրութիւններու ժամանակ իրենց ծնողները ձայն կու տան այն թեկնածուներուն, որոնք գումար կը վճարեն: Կը վստահեցնենք, որ պատանիները մեր սորվեցուցածն ու մեզի հետ անցուցած պահերը չեն կրնար մոռնալ, որովհետեւ ոչ մէկ հաստատութիւն կամ կառոյց կու տայ այն, ինչը մենք կու տանք պատանիին: Մենք մեր գաղափարական մօտեցումով ու դաստիարակութեամբ կը տարբերինք միւս կառոյցներէն: Պատանին մեր դաստիարակութիւնը մինչեւ կեանքին վերջ չի մոռնար: Բայց նկատի ունենալով տնտեսական վատ պայմանները` բնական է, որ ընտանիքները ստիպուին մեր բարիքները մէկ կողմ ձգել ու ընդունիլ առաջարկուած գումարները քուէի փոխարէն: Հինգ տարիէ նոյն պատասխանը տուած եմ եւ հիմա ալ նոյնը պիտի տամ. ճիշդ է` սփիւռքի մէջ կը սորվինք հայոց պատմութիւն, Արցախի ազատագրական պայքար, հայրենիքի ազատութիւնն ու անկախութիւնը կ՛երգենք, ֆետայիներու քաջութեան մասին պատմող տեսերիզներ կը դիտենք, դրօշակներ կը բարձրացնենք, բայց իրականութեան մէջ յաղթութեան իմաստը լիարժէք կը հասկնանք, միայն երբ Արցախ երթանք, ապրինք եւ շփում ունենանք տեղի ժողովուրդին հետ: Միայն հողին վրայ ապրողն ու տոկացողը կրնայ հասկնալ յաղթանակին արժէքը: Դիւրին չէր յաղթանակ իրականացնել, ուր մնաց այդ յաղթանակը պահելն ու շարունակել կեանքը հողին վրայ: Միայն Արցախ ըլլալով` զգացած եմ այս բոլորը: Հոն ապրելով` կրնաս աչքերովդ տեսնել, թէ ժողովուրդը ինչպէ՛ս կ՛ապրի, ինչ դաժան պայմաններուն մէջ կ՛ապրի, բայց կը շարունակէ կառչիլ հողին ու կը հաւատայ, որ եթէ լքէ հողը, ազերիներուն կը մնայ, հետեւաբար կեանքի գնով կը պահէ զայն:
Իսկ Մարինա Քասիս ըսաւ. «11 տարիէ կը գործուղուինք Հայաստան ե Արցախ. 6 տարեկան պատանին արդէն 16 տարեկան եղած է: Եթէ յաջողինք պատանիները դաստիարակել որպէս լիիրաւ դաշնակցական, հաստատ կը հասնինք մեր նպատակին: Վստահ եմ ու կը հաւատամ, որ մեր աշխատանքին արդիւնքը տարիներ ետք պիտի քաղենք»: