Երէկ գիշեր, «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի դարձի մրցումներուն գծով տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ:
Պորուսիա Տորթմունտ, որ երթին 4-3 արդիւնքով յաղթած էր Օտտ Պալքլուպի, երէկ եւս յաղթանակ մը արձանագրեց, այս անգամ 7-2 արդիւնքով:
Տորթմունտի այդ կոլերու փառատօնին բացումը կատարեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ 25-րդ վայրկեանին սքանչելի կոլով մը պարտութեան մատնեց մրցակիցին բերդապահը: