ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՓԱՐԻԶ, ԼՈՆՏՈՆ, ՊԵՐԼԻՆ ԵՒ ՊՐԻՒՔՍԵԼ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՍԱՏԻ ՀԵՌԱՆԱԼԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ
By adminx - Fri Aug 19, 6:26 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն պահանջեց «իշխանութենէն հեռանալ» եւ Դամասկոսի վրայ հաստատեց նոր եւ խիստ պատժամիջոցներ, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներու մէջ սուրիական դրամատնային պահեստներու սառեցումը եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ներդրումներու արգիլումը: Յաւելեալ սուրիական ընկերութիւններ ներառուեցան ամերիկեան սեւ ցանկին վրայ: Անոնց շարքին է քարիւղի պետական ընկերութիւնը:
Օպամա յայտնեց, որ «բազմաթիւ անգամներ ըսինք, որ նախագահ Ասատ դէպի ժողովրդավարութիւն փոխանցումը պէտք է ղեկավարէ կամ իշխանութենէն հեռանայ: Ան փոխանցման հանգրուանը չղեկավարեց, եւ սուրիացի ժողովուրդին սիրոյն, ժամանակը հասած է, որ նախագահ Ասատ հեռանայ իշխանութենէն»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը բողոքի ցոյցերուն պատասխանեց սնամէջ խոստումներով եւ ահաւոր բռնարարքներով: Ան վստահեցուց, որ Սուրիա դէպի ժողովրդավարութիւն փոխանցումին սկսած է:
Քլինթըն շեշտեց, որ Ուաշինկթըն նախանձախնդիր է տագնապին մէջ արտաքին միջամտութիւնը մերժող սուրիացի ժողովուրդին փափաքը յարգելու:
Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին Ասատէն պահանջեց հեռանալ իշխանութենէն: Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Բրիտանիա իրենց կարգին միացեալ յայտարարութեամբ մը Ասատէն պահանջեցին հեռանալ իշխանութենէն եւ զօրակցեցան Եւրոպական Միութեան կողմէ Սուրիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատման գաղափարին:
Զուիցերիա երէկ Դամասկոսի մէջ իր դեսպանը խորհրդակցութեանց համար տուն կանչեց: Նշենք, որ արաբական հինգ պետութիւններ` Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Պահրէյն, Քուէյթ եւ Թունուզ Դամասկոսի մէջ իրենց դեսպանները տուն կանչած են:
ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց բարձրագոյն յանձնախումբը երէկ հրապարակուած զեկուցումի մը մէջ յայտնեց, որ ցոյցերուն դէմ գործադրուած սուրիական ճնշումները կրնան մարդկութեան դէմ ոճիրներու մակարդակին վրայ ըլլալ, եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց հարցը փոխանցել Քրէական միջազգային դատարանին:
Կը նախատեսուի, որ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը երկուշաբթի օր Սուրիոյ շուրջ յատուկ նիստ մը գումարէ:
Մինչ այդ, Սուրիոյ նախագահը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին նշած է, որ սուրիացի զինուորականներն ու ոստիկանները աւարտած են բոլոր զինուորական գործողութիւնները:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի օր Սուրիոյ մէջ կացութիւնը նմանցուց Լիպիոյ կացութեան` յայտնելով, որ Թուրքիա ի զուր փորձեց միջնորդութիւն կատարել եւ հարցը միջազգայնացաւ: Ան նշեց, որ այժմ նոյն բանը Սուրիոյ մէջ կը պատահի` աւելցնելով, որ եթէ զինուորական գործողութիւնները չդադրին Թուրքիա դրացի այդ երկրին մէջ իր խօսքը պիտի ունենայ:
Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահը չորեքշաբթի օր Պաաս կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիա «ուժեղ եւ դիմադրող պիտի մնայ, եւ չէ հրաժարած եւ պիտի չհրաժարի իր արժանապատուութենէն եւ գերիշխանութենէն»:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print



