«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը` իբրեւ առողջապահական կեդրոն, երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00-ը կատարեց առողջապահական արշաւ մը, Ֆանարի ՀՅԴ «Էտկար Ակնունի» ակումբի սրահին մէջ, գործակցաբար UNHCR կազմակերպութեան եւ «Սեն Ժորժ» յունական հիւանդանոցի ընտանեկան բժշկութեան բաժանմունքին: Այս արշաւի գործադրութեան իրենց օժանդակութիւնը բերին նաեւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի հիւանդապահութեան բաժանմունքի աւարտական կարգի ուսանողները:
Ձեռնարկին «Գարակէօզեան» հաստատութեան անձնակազմին, UNHCR կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն, «Սեն Ժորժ» հիւանդանոցի բժիշկներուն եւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի պատասխանատուներուն կողքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ֆանարի շրջանի պատկան մարմիններուն ներկայացուցիչները:
Արշաւին ընթացքին կատարուեցան շաքարախտի, արեան գերճնշման եւ քոլեսթերոլի անվճար քննութիւններ:
Այս արշաւին հիմնական նպատակն էր.
1.- Կանխարգիլել այս հիւանդութիւնները այն անձերուն մօտ, որոնք հակամէտ են անոնց:
2.- Նուազեցնել թիւը այն հիւանդներուն, որոնք կը տառապին այս հիւանդութենէն, սակայն անկէ տեղեակ չեն:
3.- Օգնել այն անձերուն, որոնք արդէն իսկ կը տառապին այս հիւանդութիւններէն, որպէսզի իրենց կեանքը բնականոն ձեւով շարունակեն:
Աւելի քան 100 կիներ ենթարկուեցան տուեալ քննութիւններուն:
Աւարտին «Գարակէօզեան» հաստատութեան բժիշկները մանրամասնօրէն ներկաներուն խօսեցան այս հիւանդութիւններուն մասին, բացատրեցին, թէ անոնք, որոնք կը տառապին ներկայիս, ինչպիսի ձեւերով կրնան բուժուիլ, եւ ներկայացուցին սննդականոնի օգտագործման եղանակներ, որոնց միջոցով կարելի է նախազգուշանալ այս հիւանդութենէն:
Քննութիւններէն ի յայտ եկող այն պարագաները, որոնք կը տառապին այս հիւանդութիւններէն, փոխանցուեցան «Գարակէօզեան» հաստատութեան բժիշկներուն, որպէսզի հետապնդեն անոնց կացութիւնը: