«Դէպի Արարատ` Սահակեանին համար» ուղեւորութենէն քանի մը օր առաջ, 13 տարեկան Ծովակ Քէօշկէրեան շաբաթ, 11 յուլիսի յետմիջօրէին այցելեց Պիքֆայայի վանք, ստանալու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութիւնը` նախքան իր ուղեւորութեան մեկնարկը: Ծովակին ընկերակցեցան հայրը` Ալեքսան Քէօշկէրեանը, ՀԿԲՄ-ի ատենապետ Արամ Մալեանը եւ Սահակեան- Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեանը, որ Ծովակին պիտի ընկերակցի դէպի Արարատի գագաթը: Աւելի քան կէս ժամ տեւած տեսակցութեան ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս ծանօթացաւ պատանի աշակերտուհիի ուղեւորութեան ծրագիրին ու մանրամասնութիւններուն, տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը եւ բարի երթ մաղթեց Ծովակին: Վեհափառ հայրապետին մաղթանքները, խօսքերն ու օրհնութիւնը վստահաբար յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանան Ծովակին, որպէսզի ան յաջողութեամբ ամբողջացնէ իր ուղեւորութիւնը եւ հասնի Արարատ լերան սրբազան գագաթին:
ՍԱՀԱԿԵԱՆ-Լ. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ