«Թուրքագիտական փորթալ»
Վերջին օրերուն ներկայիս Թուրքիոյ Մուշի Քալէ (Բերդ) թաղին մէջ լայնածաւալ շինարարութիւն կը կատարուի: Ժամանակին այս հատուածին մէջ կը գտնուէր Մուշ քաղաքի հայկական թաղը` իր պատմական հայկական տուներով, որոնք, ցաւօք, վերջնականապէս կ’ոչնչացուին: Քաղաքային իշխանութիւնները հայկական տուներուն փոխարէն բազմայարկ շէնքեր կը կառուցեն:
Նշենք, որ Քալէ թաղամասին մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մնացած էին 500-է աւելի հայկական տուներ, որոնց զգալի մասն ալ նախորդ տարիներուն կազմաքանդած են: 2014-ին հասարակական ճնշման իբրեւ արդիւնք կազմաքանդումը ժամանակաւորապէս դադարեցուած էր (արդէն ոչնչացուած էր հայկական տուներուն 80 տոկոսը), սակայն այս տարի շինարարական աշխատանքները նոր թափով սկսած են, եւ կը քանդուին մնացած տուները:
Աւելցնենք, որ նոյն թաղի գրեթէ կեդրոնը կառուցուած Ս. Մարինէ հայկական եկեղեցին, որը այժմ աւերակներու վերածուած է, նոյնպէս վտանգուած է: Մշեցիներուն համար մեծ կարեւորութիւն ներկայացուցած եկեղեցին երբեմնի հայկական քաղաքի տարածքի` մեր օրերուն հասած միակ հայկական եկեղեցին է, որ կիսաւեր վիճակի մէջ գտնուելով հանդերձ, միւս եկեղեցիներուն նման վերջնականապէս չէ ոչնչացուած: