Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Հարաւային Քորէայի մէջ, բարձրացաւ լիբանանեան դրօշակը` Եունիվերսիատի բացման օրը:
Քուանկ Ժուի քաղաքապետ Լի Քի բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց լիբանանեան պատուիրակութեան:
Աւարտին լիբանանեան պատուիրակութիւնը յիշատակի լուսանկար մը առնուեցաւ Լի Քիի հետ, մինչ լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Ժորժ Նատեր յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց անոր եւ իր կարգին անկէ ստացաւ յուշանուէր մը: