ԺՈՄՊԼԱԹ. «ՆԱԽԸՆՏՐԵԼԻ Է ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ ՅԵՏԱՁԳԵԼ»
By adminx - Mon Aug 15, 12:17 am
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Շուֆի մէջ տեղի ունեցած իֆթարի մը ընթացքին յայտնեց, որ արաբական աշխարհին ապրած ներկայ գարունը իսկապէս ջրած է իշխող մէկ կուսակցութեան եւ մենատիրութեան վարչակարգը:
Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը շեշտեց, որ նախընտրելի է ժամանակաւորապէս յետաձգել համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրինագիծին քննարկումը` կոչ ուղղելով պահել ներկայ ընտրական օրէնքը` պահպանելու համար բազմազանութիւնը:
«Աւելի լաւ է փոփոխութեան ենթարկել եւ արդիականացնել քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրական օրէնքը, որպէսզի յառաջիկային այդ ընտրութիւնները յաւելեալ ժողովրդավարական բնոյթ ստանան», ըսաւ Ժոմպլաթ:
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print




