Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան վարուելակերպը` քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքներուն վերաբերեալ:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն շեշտեց, որ կարգ մը նախարարներուն կողմէ գործուած սխալները կարելի չէ արդարացնել` ընդգծելով, որ քաղաքական յանցագործութիւն կը նկատուին սահմանադրութեան խախտումը եւ խորհրդարանին նստաշրջանը երկու անգամուան համար երկարաձգելը: «Նոյնն է պարագան նաեւ սահմանադրական խորհուրդին, որուն աշխատանքը երկու անգամ արգելակուած է», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն աւելցուց նաեւ, որ կառավարութիւնը կը ջանայ նոյն սխալը գործել նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատարի նշանակումին առումով` դիտել տալով, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնին պաշտօնը երկարաձգած է:
Ան մերժեց իւրաքանչիւր նախարարի կողմէ ինքնագլուխ աշխատանքը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը սխալ ընթացքի մէջ է եւ շրջանցած է հանրապետութեան նախագահին իրաւունքները, ինչպէս նաեւ կ՛անարգէ սահմանադրութիւնը եւ կ՛ոտնակոխէ Ազգային ուխտը` վարուելով իբրեւ յեղաշրջումի կառավարութիւն:
«Կառավարութիւնը շեղած է շրջանին մէջ տիրող կացութեան իմաստով ճիշդ կողմնացոյցը օգտագործելու առաքելութենէն, կ՛անտեսէ սուրիացի գաղթականներուն վտանգը եւ հանդիսատեսի դերակատարութեան մէջ է` հաւատադրժողական ահաբեկչութեան առումով: Այս բոլորը կը վնասեն Լիբանանի ապահովական կայունութեան: Իսկ մեր համախմբումը քրիստոնեայ առաջին համախմբումն է, որ կը գիտակցի քրիստոնէական գոյութեան սպառնացող վտանգին: Հետեւաբար մենք հաստատ կեցուածք կը ճշդենք` կառավարութեան անհոգութեան առումով», շեշտեց ան:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ կառավարութեան ընթացքը զիրենք կը մղէ ընդվզելու` աւելցնելով, որ իրենք ճակատումէն չեն վախնար, որովհետեւ իրենց իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւն կը կատարուի: