ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԿԸ ԴԺԳՈՀԻ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԷՆ
By adminx - Fri Aug 12, 6:34 am
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն երէկ խորհրդարանին մէջ խռովարարութեանց հարցին նուիրուած արտակարգ նիստին ընթացքին դժգոհեցաւ ոստիկանութեան գործելաոճէն: «Չափազանց քիչ թիւով ոստիկաններ կը վերահսկէին փողոցներուն», ըսաւ ան: Ան դատապարտեց Լոնտոնի եւ մնացեալ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցածը եւ նշեց, որ այդպիսի վարուելակերպի համար որեւէ ներում չկայ:
Քամերոն թէեւ բացառեց բանակը օգնութեան կանչելը, սակայն աւելցուց, որ «իմ պարտաւորութիւնս է ապահովել, որ բոլոր ծրագիրները քննարկուին, ներառեալ` պարտականութիւններ, որոնք կրնան բանակին վստահուիլ, որպէսզի ճակատին վրայ յաւելեալ ոստիկաններ տեղակայուին»:
Ըստ վարչապետին, անկարգութիւնները կատարողները մեծամասնութեամբ պատանիներ են, որոնք կողոպուտներէն գումար ձեռք կը բերեն, թմրեցուցիչներու վաճառքէն կ՛օգտուին եւ կը գործեն աւազակախումբերու մէջ: Ան տեղեկացուց, որ ձերբակալուածներուն թիւը պիտի աւելնայ, որովհետեւ ջանքեր չեն խնայուիր բոլոր մեղաւորները գտնելու եւ պատասխանատուութեան կանչելու:
Նշենք, որ ըստ ոստիկանութեան, ձերբակալուածներուն թիւը անցած է 1500-ը:
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print




