ԸՍՏ «ՔՈՐԻԵՐԷ ՏԵԼԼԱ ՍԵՐԱ»Ի ԱԼՊԵՐ ՔԱՄԻՒՆ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿԱԼՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ Է
By adminx - Thu Aug 11, 6:42 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
Իտալական «Քորիերէ տելլա Սերա» կը գրէ, որ ֆրանսացի աշխարհահռչակ գրող, գրականութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Ալպեր Քամիւ Խորհրդային Միութեան գաղտնի սպասարկութեան գործակալներուն կողմէ կրնայ սպաննուած ըլլալ` Խորհրդային Միութեան դէմ իր կատարած քննադատութեան համար:
Օրաթերթը կը յենի կարծիքին վրայ գիտնական ու բանաստեղծ Ճէովանի Քաթելիի, որ ուսումնասիրած է չեխ բանաստեղծ Եան Ճապրանի օրագիրը: «Շատ տարօրինակ բան լսած եմ անձէ մը, որ շատ լաւ տեղեկացուած աղբիւրներ ունէր: Ըստ անոր, 1960-ին տեղի ունեցած դէպքը, որ Քամիւի կեանքին գինը արժեց, կազմակերպած էին խորհրդային լրտեսները: Անոնք խանգարած էին Քամիւի ինքնաշարժի անիւին արգելակները», օրագրութեան մէջ գրած է Ճապրան:
Ըստ անոր, Քամիւն սպաննելու հրամանը տուած է Խորհրդային Միութեան այդ ժամանակուան արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Շեփիլով, որովհետեւ Քամիւ քննադատած է Հունգարիոյ մէջ Խորհրդային Միութեան կատարած գործողութիւնները:
Չի բացառուիր, որ Քամիւ խորհրդային իշխանութիւնները զայրացուցած է նաեւ Պորիս Փասթերնաքին աջակցելուն համար:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print




