Saturday May 25, 2013

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՈՒՏԵՍՏԵՂԷՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՆԻՍՏԻ ՄԸ

By adminx - Wed Aug 10, 7:01 am

Վարչապետ Միքաթի կը նախագահէ աշխատանքային նիստին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ նախագահեց աշխատանքային նիստի մը, որուն օրակարգի հիմնական հարցն էր սննդեղէնի անվտանգութիւնը եւ առնչակից հարցեր:

Ժողովը, որուն մաս կազմեցին առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ` ընկերակցութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, մօտէն հետեւեցան նշեալ հարցի մանրամասնութիւններուն:

«Այս ժողովին նպատակն է ճիգերու համակարգումը եւ ընկերային ապահովութեան իրագործումը` մեկնելով նախարարաց խորհուրդի աշխատանքային ծրագիրի մեր յանձնառութիւններէն», ըսաւ վարչապետ Միքաթի այս առիթով:

Կարծիքներու փոխանակման աւարտին, ժողովականները որոշեցին դիմել կարգ մը միջոցառումներու, ինչպէս`

- Հսկողութեան սաստկացում` ուտեստեղէնի արտադրութեամբ զբաղող հաստատութեանց գործունէութեան գծով:
- Յաճախակի դարձնել սննդեղէներու տարրալուծարանային քննութիւնները:
- Խստապահանջ ըլլալ սննդեղէնի պատրաստութեամբ զբաղող հաստատութեանց արտօնագիր տալու պարագային:
- Որոշուեցաւ նաեւ, որ նախարարները հասարակաց միացեալ ռազմավարութիւն մշակեն երկու ուղղութեամբ` անմիջական եւ երկարաշունչ գործունէութիւն, համակարգելով իրենց քայլերը եւ մօտէն հետեւելով տրուած որոշումներու կիրարկման:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement