ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՏԵՂԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏԻՐԱԿԱՆ` ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
By adminx - Tue Aug 09, 7:10 am
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print
Շրջանային վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ կացութեան առնչուող դէպքերն ու կեցուածքները առանցքը կազմեցին նախարարաց խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին օրակարգի 95 կէտերու քննարկման կողքին տիրական էր քաղաքական իրադրութեան քննարկումը: Այս շրջագիծին մէջ ուշագրաւ էր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի յայտարարութիւնը, ուր ան «խոհեմ եւ իմաստուն» որակեց Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին արտասանած խօսքը` Սուրիոյ վերջին իրադարձութեանց գծով:
Հինգ ժամ տեւած նիստին առանցքը կազմեցին նաեւ ՄԱԿ- ի մօտ Լիբանանի պատուիրակութեան կեցուածքն ու երկրին ապահովական վերջին դէպքերը, յատկապէս` պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին բախումները, Ռումիէի բանտին խռովութիւններն ու անոնց պատճառած զոհերը եւ լիբանանեան ծովային սահմաններու ճշդումի հարցը` իսրայէլեան վերջին ոտնձգութեանց լոյսին տակ:
Կառավարութիւնը իր քննարկումները պիտի շարունակէ յառաջիկայ հինգշաբթի օրուան նիստին:
Ժողովի աւարտին վարչապետ Միքաթի գոհունակութիւն յայտնեց նիստի ընթացքին տիրած մթնոլորտին գծով:
ՄԻՒՍ կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ այցելեց Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյմանի, որուն ներկայացուց տեղեկագիր իր կայուն եւ շարժական ունեցուածքներուն վերաբերեալ:
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print




