23 ապրիլը իբրեւ պատմական օր արձանագրուեցաւ հայոց նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ: Արդարեւ, 100 տարի առաջ 23 ապրիլի երեկոյեան արդէն ընթացք կ՛առնէր 20-րդ դարու ամէնէն ահաւոր ոճրագործութիւնը, իսկ 100 տարի ետք` 23 ապրիլի երեկոյեան այս ոճիրին զոհ գացած մէկուկէս միլիոն նահատակները սուրբ կը հռչակուէին` համալրելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 700 սուրբերուն շարքը` յանուն հաւատքի ու հայրենիքի իրենց զոհաբերութեամբ:
23 ապրիլին երկարատեւ ընդմիջումէ ետք Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումով վերականգնուեցաւ հայ եկեղեցւոյ սրբադասման կարգը: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի բացօթեայ խորանին վրայ արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան ընթերցեց Եպիսկոպոսաց ժողովի հռչակագիրը, որով իբրեւ տարեկան եկեղեցական տօնացուցային օր սահմանուած է 24 Ապրիլը` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: «Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներին, որոնք ընկան վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց, հռչակում ենք սրբեր: Աղաչում ենք` ընդունէք մեր աղօթքները ու բարեխօսեցէք մեզ համար, որ մենք անդադար ձայնով փառք առաքենք Հօրը, Որդուն եւ Սուրբ Հոգուն», ըսաւ ան:
Երեւանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 4:15-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ` Ս. Տրդատի բաց խորանին վրայ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներ օծեցին մասունքարանն ու սրբապատկերը: Վերջինս 24 ապրիլին պիտի փոխադրուի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Սրբադասման արարողութեան առիթով մասունքարանին մէջ զետեղուած էին 1965-ին Տէր Զօրէն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին բերուած մասունքներն ու Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն տարուած մասունքները, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի բազմաթիւ մասունքներէն բերուած էին 14 սրբութիւններ, որոնց շարքին` Սուրբ Գեղարդը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջը, Զէյթունի աւետարանը, Գէորգ զօրավարի, Սահակ Պարթեւ հայրապետի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասունքները:
Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութեան ներկայ եղաւ հայ քաղաքական վերնախաւը` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Ներկայ եղան նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած հոգեւոր պետեր, տարբեր համայնքներու եւ երկիրներու ներկայացուցիչներ, պաշտօնական պատուիրակութիւններ:
Վեհափառ հայրապետները ապա յղեցին իրենց պատգամները:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայութեան վերապրելու իրականութեան, որուն համար եւ նահատակներու սրբադասման համար փառք պէտք է տալ Աստուծոյ. «Օրհնաբանում ենք Տիրոջը, որ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց նահատակուած Ցեղասպանութեան վկաներին թագադրում է սրբութեան պսակով ու նրանց բարեխօսութեամբ հեղում մեր կեանքին Իր անսպառ ողորմութիւնները»:
«Քրիստոսին նահատակութեամբ վկայելը ընդելուզուած է մեր ժողովրդի կեանքին: Սրբութեան, առաքինութեան, անձնուիրումի հոգեւոր սխրանքի բազում վկայութիւններ են արձանագրուած նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգական տարեգրութեան մէջ: Քրիստոնէական հաւատքի համար հալածուող հայորդին աղօթքով է անցել նահատակութեան ճանապարհը, իսկ նրան անդուլ դաժանութեամբ հալածողը կարծել է, թէ ի սպառ արմատախիլ է անում Քրիստոսի հանդէպ սէրը հայի կեանքից: Յիսուս Քրիստոսի համար նահատակ հայորդու արիւնը անխախտ հաւատքի ու ազգասիրութեան դրոշմն է դրել անապատի աւազներին, մինչդեռ եղեռնագործը կարծել է, թէ հայը անհետ կորչում է պատմութեան հողմերում: Քրիստոսանուիրումի եւ հայրենեաց սիրոյ նոյն այդ ոգով մեր ժողովուրդը հոգեւոր եւ ազգային իր կեանքն է վերակերտել աշխարհի բոլոր կողմերում, վերածնունդ ապրել Արեւելեան Հայաստանում` մոխիրներից յառնած իր պետութեան հովանու ներքոյ: Վերելքի իր ուղին մեր ժողովուրդը կերտել է զոհողութիւններով, մաքառումով, մարդկային խղճի ու իրաւունքի առջեւ իր արդար դատը բարձրաձայնելու ջանքերով` միշտ աղօթքով յիշելով բիւրաւոր վկաներին Հայոց ցեղասպանութեան», յայտնեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:
Նահատակութեան խորհուրդին եւ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն մասին խօսելով` Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետը յայտնեց. «Քրիստոսին վկայած մեր նահատակները մեր հոգու հայեացքը երկրային իրողութիւններից բարձրացնում են դէպի երկնային կեանք` հոգեւոր զուարթութիւն պարգեւելով նրանց բարեխօսութիւնը հայցողներիս եւ քաջալերելով Տիրոջն ապաւինելու, փորձութիւնների յանդիման չերկնչելու եւ տէրունաշնորհ կեանքն ապրելու հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ գործերով: Ցեղասպանութեան նահատակներն այսօր երկնքի արքայութեան լուսեղէն օթեւաններում մարտիրոսութեան պսակով զարդարուած` արդարութեան, մարդասիրութեան, խաղաղութեան հովանաւոր սրբեր են, որոնց բարեխօսութիւնը երկնքից Աստծոյ ողորմութեան եւ շնորհների աղբիւրն է բացում այնտեղ, ուր տկարանում է արդարութիւնը, խախտւում են խաղաղութեան անդորրն ու ապահովութիւնը, ուր ոտնահարւում են մարդկանց եւ ժողովուրդների իրաւունքները, սպառնալիքներ են յառնում ընդդէմ հասարակութիւնների բարօր կեցութեան, մոլեգնում են հալածանքներ հաւատքի եւ ինքնութեան դէմ»:
Անոր համաձայն, նահատակներուն սրբադասումը կենդանարար նոր շունչ, շնորհ եւ օրհնութիւն կը բերէ եկեղեցական եւ ազգային մեր կեանքին: «Մենք հաւատում ենք, որ մեր ժողովրդի հոգեւոր նոր վերածննդի պսակն ենք հիւսում` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներին սրբադասելով: Մեր սուրբ նահատակների յիշատակն այլեւս ոչ թէ զոհի ու ննջեցեալի հոգեհանգստեան աղօթք է, այլ` յաղթանակած ու նահատակութեան արեամբ սրբագործուած անմարմին զինուորների յաղթական օրհներգութիւն: Այսօր մեր սուրբ նահատակների հաւատքի եւ հայրենեաց սիրոյ ջերմեռանդ ոգին տարածւում է Տէր Զօրից մինչեւ Սուրբ Էջմիածին եւ Ծիծեռնակաբերդ, նորանկախ Հայաստանից մինչեւ աշխարհասփիւռ հայ կեանքի վերածնուած անդաստաններ` զօրացնելով ապրելու անխախտ հաւատքով, մեր կեանքի վերազարթօնքի պայծառ տեսիլքով եւ մեր արդար դատի պաշտպանութեան աներկբայ կամքով», եզրափակեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ հասկացողութեան մէջ սուրբերուն` դիտել տալով, որ հայ եկեղեցին սուրբերը կը բնութագրէ իբրեւ Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ լեցուած` չարին յաղթող ու քրիստոնէական ճշմարտութիւններու յաւերժացման համար իրենց անձերը ընծայաբերող վկաներ: «Սուրբերը մեր կեանքը աստուածային ճշմարտութիւններով պայծառակերպող, մեր առջեւ երկնային դռները բացող եւ մեզ դէպի քրիստոսակեդրոն «ճանապարհ, ճշմարտութիւն ու կեանք» (Յովհ. 14. 6) առաջնորդող աստուածազգեաց անձեր են: Սուրբերը աստուածային սրբութեան ճառագայթներն են` մեր կեանքի ապականութեան դիմաց. երկնային լոյսին ցոլքերն են` մեր կեանքի խաւարին դիմաց. երկրէն երկինք բարձրացնող կամուրջ են` մեզ երկինքէն հեռացնող հոսանքներուն դիմաց», ըսաւ ան:
Ըստ անոր, առանց սուրբերու սրբացնող ներկայութեան, աննպատա՛կ է մեր կեանքը: Առանց սուրբերու ոգեշնչող զօրութեան, աղքա՛տ է մեր կեանքը:
«Մեր սուրբերը լոկ ժողովական որոշումով ու կանոնական գործընթացով չսրբացան: Մեր սուրբերը իրենց սրբակենցաղ կեանքով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ու մեր ժողովուրդին կողմէ սուրբ նկատուեցան եւ ապա միայն` եկեղեցւոյ իշխանութեան կողմէ: Մեր սուրբերը սոսկ ծէս ու պատկեր չեղան, պատմութիւն ու յիշատակ չդարձան: Իրենց հաւատքի վկայութեամբ մեր սուրբերը գոյութենական ու ներզօր ներկայութիւն դարձան իւրաքանչիւր հայուն, մեր ազգի կեանքին մէջ: Նո՛յնն է պարագան Հայոց ցեղասպանութեան զոհ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:
«Հարիւր տարիներ շարունակ մեր նահատակները սրբացնող, հզօրացնող ու կենսաւորող ներուժ դարձան իւրաքանչիւր հայուն եւ ողջ հայութեան կեանքին մէջ: Իրենց արեան վկայութեամբ մեր հաւատքը ամրացուցին. գերագոյն արժէքներու ու վեհ երազներու համար ապրելու ու պայքարելու մեր կամքը կռանեցին: Հող ու ինչք կորսնցուցած եւ որբ ու գաղթական դարձած մեր ժողովուրդին գոյատեւելու եւ իր իրաւունքներուն վերատիրանալու յոյսը արծարծ պահեցին:
«Սա պահուն, իր բիւրաւոր նահատակներու արիւնով իր կեանքը թրծած ու սուրբերու աղօթքներով իր առաքելութիւնը կենսաւորած մեր եկեղեցին ՍՈՒՐԲ կը հռչակէ «վասն հաւատոյ ու հայրենեաց» իրենց անձերը զոհաբերած Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակները», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:
Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ եկեղեցին պէտք է ուրախ ըլլայ, որովհետեւ իր սուրբերուն երկար շղթային կու գան միանալու մեր հոգեւոր արժէքներու ու ազգային իտէալներու յաւերժացման համար իրենց անձերը իբրեւ կենդանի պատարագ մատուցած մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները, «որովհետեւ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ եւ Տէր Զօրի աւազներուն վրայ ցեղասպան թուրքի եաթաղանին զոհ գացած սիրելի զաւակներդ այսօր կը միանան նահատակներու, վկաներու ու սուրբերու երկնային փաղանգին»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը հաստատեց, որ մեր նահատակները «իմացեա՛լ մահ»-ով մեռան, որպէսզի մենք հաւատքի՛ կեանքով ապրինք, գործենք ու ստեղծագործենք, մեր նահատակները մեր ազգի գերագոյն իտէալներուն համար իրենց արիւնը թափեցին, որպէսզի մենք նո՛յն տեսիլքով ու յանձնառութեամբ պայքարինք: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ հարիւր տարիներ հայութիւնը յիշեց իր նահատակները եւ հաւատարիմ մնաց անոնց նուիրական կտակին` կոչ ուղղելով շարունակելու յիշել սրբացած նահատակները, «որովհետեւ անոնց արիւնը աւիշը պիտի դառնայ քու զօրութեանդ ու երաշխիքը` քու յաղթանակիդ: Միշտ յիշէ՛ նահատակներդ ու միաժամանակ յիշեցո՛ւր աշխարհին, որ անոնք անցեալին չեն պատկանիր, սոսկ պատմութիւն ու յիշատակ չեն, այլ կ’ապրին իւրաքանչիւր հայու կեանքին մէջ` իրենց խոր հաւատքով, աննուաճ ոգիով ու անկատար տենչերով»:
Իր խօսքը եզրափակելով Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Մեր նահատակները կ՛ապրին մեր կեանքին մէջ իբրեւ «Անլռելի զանգակատուն»` ի խնդիր մեր բռնաբարուած արդար իրաւունքներու ձեռքբերման մեզ պայքարի մղող: «Մեր նահատակները կ՛ապրին մեր կեանքին մէջ իբրեւ կամքի դարբնոց` մեր պահանջատիրական կամքը կռանող: Մեր նահատակները կ՛ապրին մեր կեանքին մէջ իբրեւ յուսատու աղբիւր` մեր քրիստոնէական յոյսը ամրապնդող: Մեր նահատակները կ՛ապրին մեր կեանքին մէջ իբրեւ «մարտիրոսք երանեալք® որք զլոյսն կենաց զգեցեալ ունին»` մեր կեանքի ճամբան երկնային կենարար լոյսով լուսազարդող:
Արդ, սուրբեր հայ եկեղեցւոյ, սա պահուն, աշխարհացրիւ հայութիւնը կը վերանորոգէ իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու ձեր սրբազան կտակին եւ հաւատքին ու հայրենիքին համար պայքարելու ու նոյնիսկ արիւն թափելու ձեր յանձնառութեան»:
Պատմական իրադարձութեան աւարտին Հայաստանի ու աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ գտնուող հայ առաքելական ու քոյր եկեղեցիներու զանգերը 100 ղօղանջով հնչեցին` Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:15-ին: