Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես – ՀՄԸՄ երրորդ մրցումը:
Նախքան մրցումին սկսիլը, Սաժեսի մարզիկները ծաղիկներ տուին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն` ի յարգանս Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին, ապա միասին լուսանկարուեցան իրենց ձեռքերով բռնած մեծ պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կարգախօսը` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»:
Իսկ կիսախաղի դադարին, Սաժեսի նախագահ Նատիմ Հաքիմ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Մումջողլեանին, որուն վրայ զետեղուած էր անմոռուկ ծաղիկին նկարը, որ կը խորհրդանշէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, անիկա աւարտեցաւ ի նպաստ Սաժեսի` 70-64 արդիւնքով (10-16, 38-36, 55-49 եւ 70-64):
Սաժեսի նորեկ մարզիկ անգլիացի Էշլի Հեմիլթըն նշանակեց 2 կէտ, մինչ անոր խմբակից Տեսմընտ Փենիկըր` 22 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերուն, անոնք դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ` անոնց նշանակած կէտերը).
Մարիօ Ապպուտ (5′ 29″), Տիոն Տիքսըն (40′ 00″, 20 կէտ, 4 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (38′ 34″, 6 կէտ 5 ռիպաունտ), Մայք Ֆրէյզըր (40′ 00″, 15 կէտ, 15 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (12′ 53″, 4 կէտ), Ճիմի Սալեմ (28′ 31″, 9 կէտ, 2 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (34′ 30″, 10 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապպահ Նժէյմ, Փոլ Սքայեմ եւ Ժորժ Տըրղամ:
Երկու խումբերուն միջեւ 4-րդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` շաբաթ, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: