Իրաքի մէջ սպաննուած է Սատտամ Հիւսէյնի համախոհ, երկրի նախկին փոխնախագահ Իզզաթ Տուրին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սքայ նիուզ»-ը` վկայակոչելով Իրաքի Սալահէտտին նահանգի ղեկավարին:
Անոր տեղեկութիւններով` նախկին փոխնախագահը սպաննուած է Համրին շրջանին մէջ շիի աշխարհազօրայիններու աջակցութեամբ Իրաքի բանակին կողմէ իրականացուած գործողութիւններուն հետեւանքով: Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած: