ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ
Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն կարգին է նաեւ «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» մրցումը:
Նախաձեռնութիւնը դրական լիցքեր կը փոխանցէ` ամրօրէն կառչելու եւ տէր ըլլալու մեր պատկանելիութեան գրաւականը հանդիսացող ազգային զրահին` հայոց լեզուին:
Ամփոփուեցաւ 2014 թուականի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Համահայկական քոնկրեսի նախաձեռնած «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն, «Լաւագոյն ամէնօրեայ կրթօճախ» անուանակարգով մրցոյթին սփիւռքէն ներկայացուած յայտերու մանրակրկիտ ուսումնասիրութենէն ետք, համապատասխան յանձնաժողովի որոշումով Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ Նորընծայարանն ու երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքը արժանացաւ առաջին կարգի վկայականի եւ յուշանուէրի, ինչպէս նաեւ նիւթական պարգեւի:
Հինգշաբթի, 9 ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրումը:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը` նշելով. «Արդէն 6-րդ տարին է, ինչ իրականցւում է «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը, որի նպատակը մէկն է` արժեւորել սփիւռքում հայ ազգային ինքնութեան, մշակոյթի պահպանման գործում կազմակերպութիւնների, անհատների ունեցած ներդրումը, արժեւորել եւ գնահատել հայ համայնքների կրթամշակութային կառոյցների եւ լրատուամիջոցների գործունէութիւնը»:
Նախարարը ընդգծեց. «Ակնյայտ է, որ 2014 թուականի մրցանակաբաշխութիւնը պէտք էր նուիրուած լինէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, եւ մեր բոլոր աշխատանքները մէկ նպատակ պէտք է ունենային` սփիւռքում ապրող մեր հայրենակիցներին հնարաւորինս ընդգրկել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացում: Ուրախ եմ, որ տարեց տարի աւելանում է մրցանակաբաշխութեան մասնակիցների թիւը: Կարծում եմ, բոլոր համայնքներն անխտիր պէտք է մասնակցեն այս մրցանակաբաշխութեանը, որը, վստահ եմ, հայապահպանութեան բացառիկ խթան կը դառնայ»:
Իր խօսքը եզրափակելով ան շնորհաւորեց բոլորը:
Հանդիսաւոր արարողութեան մասնակիցներուն կարգին Զմմառեան միաբանութեան երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի անունով խօսք առաւ դպրեվանքի փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանը: Ան բարձր գնահատեց նախարար Յակոբեանի ծաւալած աշխատանքը` ըսելով. «Քրիստոնէական սիրոյ ամենաջերմ զգացումներով, Զմմառեան կղերի Միաբանութեան խորունկ գիտակցութեամբ եւ երախտապարտի ոգիով, յաճախ շեշտած ենք, այսօր եւս այս հարթակէն աւելի բարձրաղաղակ կը յայտարարենք, թէ աշխարհասփիւռ տեսլապաշտ հայորդիներուն` ուսումնակրթական առաքելութեան անխափան երթին ապահովման բծախնդիր` Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը բացառիկ հոգածութիւն ցուցաբերելով սատար կը հանդիսանայ նորահաս սերունդին հայեցի դաստիարակութեանը, որով մոխիրներէն յառնած ի՛ր իսկ հարազատ զաւակներուն համար լոյսի եւ փրկութեան կռուան կը դառնայ. այսպիսի փոխ շաղկապուած մարմնի մը ամբողջականութիւնը կը կազմէ սփիւռք-հայրենիք կապը: Այժմ լաւագոյն պատեհութիւնն է մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելու Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին»: Զուգահեռ ցուցադրուեցաւ տեսագրուած նիւթ կրթօճախի ծաւալած աշխատանքներուն վերաբերող: Ապա հայր սուրբը Սփիւռքի նախարարին յանձնեց դպրեվանքի նորակառոյց շէնքի 50-ամեակի յուշանուէրը եւ Զմմառու աւանդական գինին:
Ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր:
Զմմառ